Անարգ Յարձակում Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայկական Դպրոցներու Վրայ

30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 –

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Յունուար 28էն 29 լուսցող գիշերուան ընթացքին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը թիրախ դարձած են ոստիկանութեան բնութագրումով՝ «ատելութեան միջադէպ» յարձակումի մը, որու ընթացքին թրքական դրօշակներ կախուած են վարժարաններու տարածքին։

Մինչ Ֆերահեան վարժարանին մէջ դրուած են 11 թրքական դրօշակ, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին բաժին ինկած է երկու թրքական դրօշակ։

Ֆերահեան վարժարանին մէջ տեղադրուած ապահովական սարքաւորումներէն տեսանիւթերը դիտելէ ետք կարելի եղած է եզրակացնել, թէ միջադէպը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի օր, առաւօտեան ժամը 4ի մօտերը, երբ դիմակաւոր անձ մը սկսած է դրօշակներ զետեղել նախ Ուայթ Օքս պողոտային յարող ցանկապատին վրայ, ապա այլ վայրերու մէջ։

Ոստիկանութիւնը կը քննէ երկու վարժարաններուն վրայ յարձակումները։

Ծնողներուն յղուած նամակին մէջ, Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեան կը գրէ, թէ հարկաւոր քայլերը առնուած են աշակերտութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, մինչ օրուան ընթացքին աշակերտները սկսած են Հայաստանի յաւելեալ դրօշակներ կախել վարժարանի տարածքին։

Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւս նման նամակ մը յղած է վարժարանի ծնողներուն։

50862992_10156260546827833_1347620193269972992_n

sbarez.com/arm/336168/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail