31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումները բանակցութիւններ չեն, անոնք ոչ պաշտօնական շփումներ են, որոնց ընթացքին ուղղակի տեղի կ՛ունենայ մտքերու փոխանակում: Ըստ «Արմէնփրես»-ի` այս մասին, 30 յունուարին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցադրման, թէ վերջերս սկսած է շրջանառուիլ այսպէս կոչուած «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» թեզը, Հայաստանի վարչապետը նշած է. «Մենք ընդհանրապէս չենք կրնար նոյնիսկ քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը»:
Փաշինեան նկատած է, որ ներկայ կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով կը վարէ քաղաքականութիւն մը, որ նախապէս ոչ մէկ կառավարութիւն վարած է:
«Որեւէ զուգահեռ տանիլը եւ նախապէս վարած քաղաքականութեան հետ ընդհանրութիւն գտնելու փորձերը կատարեալ մոլորութիւններ են», վստահեցուցած է Փաշինեան:
Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն կողմէ բանակցութիւնները վերսկսելու ու նոր թափ հաղորդելու նախաձեռնութիւն կա՞յ, Փաշինեան ըսած է. «Այս հարցը կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարներու քննարկման օրակարգին վրայ»:
aztagdaily.com/archives/425461