Անդրադարձ. Երկու Կրկնութիւններ – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կ՛ըսեն, թէ կրկնութիւնը օգտակար է եւ կը սորվեցնէ: Սակայն երեքշաբթի օր ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողի մը մէկ հարցումը եկաւ հարցականի տակ առնելու այդ պնդումը:

Ան հարցուց, թէ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը ճիշդ այսօր կը խօսի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի համաձայնագիրի կնքման անհրաժեշտութեան մասին: Անտեղի եւ հաւասարապէս զաւեշտական ու ողբերգական հարցում մը, որ պահ մը մտածել կու տայ, թէ անցնող աւելի քան 10 տարիներուն ընթացքին ՀՅԴ-ի այդ առնչութեամբ հրապարակած բազմաթիւ յայտարարութիւնները հանդիպած են խուլ ականջներու եւ փակ մտքերու: Ըստ երեւոյթին, մարդիկ չեն ուզեր կամ ալ ընդհանրապէս կորսնցուցած են լսելու եւ հասկնալու իրենց աստուածատուր կարողութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան «մարտ 1»-ի հարցին մասին խօսելով` հազարերորդ անգամ ըլլալով կրկնեց ՀՅԴ-ի կեցուածքը եւ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանը չէ, որ կը պաշտպանէ, այլ` արդարադատութիւնը, եւ անգամ մը եւս ընդգծեց. «Արդարադատութիւնը պէտք չէ ընտրովի լինի, արդարադատութիւնը պէտք չէ տպաւորութիւն ստեղծի, թէ հաշուեյարդարի կամ վրէժի նպատակ է հետապնդում»:

Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, որ Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ հրապարակեց սեպտեմբերի 2018-ին Հայաստան կատարած իր այցելութեան վերաբերեալ իր զեկուցումը, որուն մէջ կ՛ընդգծէ, թէ կարեւոր է, որ «մարտ 1»-ի հարցով դատական հոլովոյթը կատարուի զգուշօրէն` խստագոյնս հաւատարիմ մնալով իրաւունքի գերակայութեան, դատական անկախութեան, թափանցիկութեան, արդար դատաքննութեան երաշխաւորման սկզբունքներուն, որպէսզի բացառուի ենթադրեալ վրէժի քաղաքականութեան կամ ընտրովի արդարադատութեան որեւէ մեղադրանք:

Զեկուցումին այս հատուածը կարծէք ընդօրինակութիւնը ըլլար ՀՅԴ-ի բազմիցս արտայայտած կեցուածքին: Անիկա կու գայ ընդգծելու ՀՅԴ-ի արտայայտած մտահոգութեան ճշմարտացիութիւնը: Այս անգամ ոչ դաշնակցական մը, օտար մը, միջազգային հեղինակաւոր կառոյցի մը մէկ բարձրաստիճան ներկայացուցիչն է, որ կը կրկնէ ՀՅԴ-ի կեցուածքը: Յոյսով ենք, որ այդ իրողութիւնը կը նպաստէ պատգամի ընկալման:

aztagdaily.com/archives/425441

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail