31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Քէոլն բաւական յագեցած էր, քաղաքապետի հետ համաձայնութիւն եղած է Քէոլնի եւ Գիւմրիի միջեւ համագործակցութեան հարցով։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ նշած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեան։
«Համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ մշակոյթի պահպանման ուղղութեամբ, Քէոլնի քաղաքապետը ուրախութեամբ ընդունեց վարչապետի առաջարկը, որպէսզի այցելէ Հայաստան եւ Գիւմրի»,- ըսած է դեսպանը։
Ան կարեւոր համարած է Քէոլնի Արհեստագիտական համալսարանի եւ Հայաստանի ազգային փոլիթեքնիքական համալսարանի միջեւ յուշագիրին ստորագրումը՝ նշելով, որ լաւ հիմք է համագործակցութիւնը զարգացնելու համար։
Անդրադառնալով Հայաստան-ԵՄ համաձայնագիրի Գերմանիոյ կողմէ վաւերացման՝ դեսպանը նշած է, որ ընթացակարգային գործընթացները աւարտած են, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է այդ աւարտած փաստաթուղթը փոխանցէ Գերմանիոյ վարչապետի աշխատակազմ եւ խորհրդարան։ Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ այդ վաւերացումը պիտի ըլլայ։
yerakouyn.com/2019/01/31/