31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Գերմանիա կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս, այցելած է Քէոլնի Մայր տաճար: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Տաճարի բակին մէջ, վարչապետ Փաշինեանը ծափողջոյններով դիմաւորած են խումբ մը հայեր։
Անոնք փոքրիկ երկխօսութիւն ունեցած են վարչապետի հետ, նշած են, որ թէեւ հեռու կը գտնուին Հայաստանէն, սակայն ուշի ուշով հետեւած են 2018-ի ներքաղաքական զարգացումներուն: Անոնք ընդգծած են, որ իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ կարեւոր կը համարեն վարչապետի այցը Գերմանիա:
Քէոլնի մայր տաճարը դասական գոթական ոճով կառուցուած կաթոլիկ տաճար է: Անիկա համաշխարհային ժառանգութեան գոյք կը համարուի։ Քէոլնի մայր տաճարը Գերմանիոյ ամենաշատ այցելու ունեցող տաճարներէն մէկն է, ուր, միջին տուեալներով, ամէն օր կ՝այցելէ շուրջ 20, 000 մարդ:
yerakouyn.com/2019/01/31