31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւնները Թաւշեայ Յեղափոխութեան Յաջողութեան Բանալիներէն էին. Փաշինեանի Ելոյթը՝ Քէոլնի Արհեստագիտական Համալսարանին մէջ
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան բանալիներէն էին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Քէոլնի Արհեստագիտական համալսարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին:
«Թափանցիկութիւն, հաշուետուողականութիւն եւ մարդու իրաւունքներու աւելի լաւ պաշտպանութիւն. ահա ոչ լրիւ ցանկը այն դրական փոփոխութիւններուն, որ կը խոստանայէ թուային եւ արհեստագիտական դարաշրջանը: Հայ ժողովուրդը յաջողութեամբ կատարած է այդ ամէնը եւ հաւատարիմ է իրական ժողովրդավարութիւն հաստատելու իր յանձնառութեան»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Անոր խօսքով՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով աւարտեցաւ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին փուլը, «Այժմ մենք ունինք ոչ պակաս կարեւոր խնդիր: Մեզ համար խիստ անհրաժեշտ է տնտեսական յեղափոխութիւնը: Այդ նպատակով՝ մենք մտադիր ենք օգտուելու թուային դարաշրջանի ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւններէն»:
Արհեստագիտական նորարարութիւնը շահաւէտ է նաեւ ծառայութիւն մատուցողներուն համար. համաշխարհային նիւթա-ճարտարագիտական մատակարարման շղթաները աւելի արդիւնաւէտ դարձած են, իսկ սպասարկման գիները՝ նուազած: Բացուած են նոր շուկաներ, խթանուած է տնտեսական աճը: Եւ որ ամենակարեւորն է, ՏԱ-ը եւ թուային դարաշրջանը կը բարձրացնեն երկիրներուն միջազգային մրցունակութիւնը: «Ասիկա յատկապէս կը վերաբերի Հայաստանի նման փոքր երկիրներուն, որոնք աշխարհագրական եւ աշխարհաքաղաքական սահմանափակումներու պատճառով սահմանափակ ազդեցութիւն կ՝ունենան համաշխարհային գործընթացներուն վրայ»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը:
Ան նշած է նաեւ, որ արդէն տասնամեակներ շարունակ կ՝ընթանայ արհեստագիտական յեղափոխութիւն, եւ ատիկա անդառնալի իրականութիւն է, որ մեզի կը տեղափոխէ 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան շեմ: «Մենք ականատեսն ենք առաջադէմ վերափոխման այն ամէնուն, ինչ կ՝ըսենք եւ կ՝ընենք: Թուային սարքերը փոխեցին հաղորդակցութեան եղանակները. այսօր կը կիրառուին սպառողներու, արտադրողներու, մատակարարներու, եւ որ առաւել կարեւոր է՝ քաղաքացիներու եւ կառավարութիւններու միջեւ յարաբերութեան նոր բանաձեւեր»,- ըսած է Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը գերակայ ուղղութիւն կը համարէ ՏԱ ոլորտը` իբրեւ տնտեսական զարգացման յենասիւներէն մէկը: «Հաշուի առնելով շուրջ հարիւրամեայ վաղեմութիւն ունեցող աւանդոյթները` մենք իրապէս բռնած ենք արհեստագիտական եւ արդիւնաբերական տնտեսութիւն կառուցելու ճանապարհը»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիա կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ վարչապետը այցելած է Քէոլնի արհեստագիտական համալսարան:
yerakouyn.com/2019/01/31/