Հիմա Թուրքիոյ մէջ հայերէն երգելու վախ չկայ. Մտահոգութիւն պատճառողները յաճախ ազգայնականներն են

Հիմա Թուրքիոյ մէջ հայերէն երգելու վախ չկայ. Մտահոգութիւն պատճառողները յաճախ ազգայնականներն են. Թրքահայ երաժիշտ՝ Ուտի Լեւոն

31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է թրքահայ երաժիշտ, ուտ նուագող Ուտի Լեւոնը:

Իմ հիմնած երգչախումբիս միջոցով ցոյց պիտի տանք, որ հայ ազգը պիտի չմեռնի Թուրքիոյ մէջ, եւ պիտի ձգտինք ցոյց տալ, որ «դեռ կանք ու պիտի լինենք…»

Լեւոն Թորոսեանը կամ, ինչպէս ինքզինք կը կոչէ Ուտի Լեւոնը, որ կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ Թուրքիոյ մէջ, որոշած է բացի թրքական երգերէն նաեւ հայկական երգերու կատարումներով հանդէս գալ, տեսանիւթեր հրապարակել՝ տարածելով նաեւ հայկական երաժշտութիւնը:

Երիտասարդը, ապրելով ու մեծնալով Թուրքիոյ մէջ, յաճախած է երաժշտանոց, ուսանած թրքական երաժշտութիւն, սակայն հայկական երգն ու երաժշտութիւնը նոյնքան հոգեհարազատ ու սիրելի են Լեւոնի համար: Ան ուտ երաժշտական գործիքի կատարման զուգահեռ կ’երգէ թրքական ճաշարանի մէջ: Պոլսոյ մէջ երկու տարի առաջ հիմնած է հայ երգիչ-երաժիշտներէ կազմուած խմբակ, որ ամենշաբաթեայ ելոյթներ կ’ունենայ պոլսահայ համայնքի համար, իսկ վերջերս որոշած է առաւել աշխոյժօրէն նուիրուիլ նաեւ հայկական երաժշտութեան:

Իսկ ինչպէ՞ս ու ինչո՞ւ որոշած է յատկապէս ուտ նուագել, կը պատմէ. «Ուտի Հրանդ Քենքուլեան կայ, մահացած է տարիներ առաջ, անոր կատարումներէն հաճոյք ստացայ, շատ հաւնեցայ, անոր համար որոշեցի ուտ նուագել: Եկեղեցիներու մեջ կ’երգէի, թրքական երաժշտութեան մտերմութիւն զգացի»:

Այս նմանութիւնը արդարացում է այն նուիրուածութեան, որ ունի թրքական երաժշտութեան հանդէպ, իսկ իրականութեան մէջ, ինչպէս Թուրքիոյ մէջ ապրող ցանկացած հայ, Լեւոնը եւս սահմանափակ իրաւունքներ ունեցած է իր ինքնութեան արտայայտման համար: Միջավայրը թոյլ չէ տուած անոր, որ որպէս հայ, առաւել ծանօթանալ ու տարածել հայկականը, երբեմն ստիպուած եղած է զսպել նուագելու ձգտումները, այսօր ալ մտավախութիւնները չեն նուազած, բայց որոշած է նուագել:

«Խնդիր չունիմ, որովհետեւ թրքերէն կ’երգեմ: Երբ հայերէն երգեմ, քիչ մը խնդիր կ’ունենամ, որովհետեւ ազգայնամոլները ժամանակ առ ժամանակ ոտքի կ’ելլեն, հիմա խնդիր չկայ, չեմ վախնար, հայ ազգի շարունակականութեան, մշակոյթի շարունակականութեան համար կը սորվիմ հայերէն երգեր, միայն մեր էջին կը դնեմ հայերէն վիտէօները, կը ջանամ ամէն օր նոր հայերէն երգ մը սորվիլ: Հայերէն երգերով պիտի շարունակեմ իմ կեանքը, այդպէս կը ցանկամ, որովհետեւ թրքական երգեր շատ գիտեմ, հայերէն երգելը աւելի հաճոյք կը պատճառեն ինծի, աւելի կը սիրեմ»,-կ’ըսէ թրքահայ երիտասարդը:

Միայն «Ուտի Լեւոն» անունով կոչուած իր էջին մէջ հայերէն երգեր տեղադրելը չէ հայերէն երգեր սորվելու շարժառիթը: Լեւոնը նաեւ համերգներ կ’ունենայ տարբեր երկիրներու հայկական գաղութներու մէջ, որոնք սահմանափակուած չեն նախասիրութիւններով, ուստի Լեւոնը առիթ կ’ունենայ նաեւ այլ երկիրներու մէջ դրսեւորել իր հայեցիութիւնը:

«Ժամանակ առ ժամանակ հայերէն կ’երգեմ, երկու ամիս առաջ Լոս Անճելըս էի, համերգ տուի, մարտ ամսուն Նիւ Եորք պիտի երթամ նորէն համերգի՝ կէս թրքերէն, կէս հայերէն երգերով, ամէն օր կ’աշխատիմ»,-կը պատմէ ան:

Արտասահմանեան այս այցելութիւնները եւս մէկ որոշման յանգեցուցած են Լեւոնը. Որոշած է ոչ միայն հայերէն երգել, այլեւ արեւելահայերէն սորվիլ, քանի որ սփիւռքի մէջ ամենուր հայաստանցիներ են, որոնց հետ շփումը կը դժուարանայ, այնինչ արեւմտահայերէնին լաւ կը տիրապետէ:

Հայերէն երգելը նաեւ ուտի կատարողներէն մէկուն՝ իր սիրելի երաժիշտին նմանելու ճանապարհն է, կ’ըսէ. «Մանուէլ Մենենկիչեանի նման կ’ուզեմ ըլլալ, անոր երգերը ամէն օր կը սորվիմ, կ’աշխատիմ, կը նուագեմ»:

Բացի այդ, երաժիշտը ժամանակ կը գտնէ ամէն շաբաթ մեկնելու Պոլիս, ուր իր հիմնած երգչախումբը կը գործէ, այս երգչախումբի ստեղծումն ալ կարեւոր նպատակ ունէր, հետեւաբար այն պէտք է երկար կեանք ունենայ. «Վարիչն եմ հայ երգչախումբին, հայ արուեստագէտներու երգերուն վրայ կ’աշխատինք:

Բոլոր անդամները ծնած են Թուրքիա, բայց հայեր են: Այս երգչախումբի միջոցով պիտի ցոյց տանք, որ հայ ազգը պիտի չմեռնի Թուրքիոյ մէջ, պահելով այս երգչախումբը՝ կը ձգտինք ցոյց տալ, որ դեռ կանք ու պիտի մնանք»,-կ’ըսէ Լեւոն Թորոսեանը:

arevelk.am/am/content/2/3902/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail