02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ «Ամերիկայի Ձայն»ը կը տեղեկացնեն, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Լօրա Քուփըր, Հայաստանի դեսպանատան մէջ մասնակցած է Հայոց բանակի կազմաւորման 27րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութեան:
Յունիս 29ին կայացած հաւաքին ընթացքին, Քուփըր պաշտպանութեան նախարարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի զինուած ուժերու «անձնազոհ նուիրուածութեան համար», մեծապէս գնահատելով հայկական բանակին ներդրումը՝ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ: Ան ընդգծած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը՝ Աֆղանիստանի մէջ «Վճռական աջակցութիւն» խաղաղապահ առաքելութեան եւ ընդգծած, որ Հայաստան այն երկիրներէն է, որոնք, չըլլալով ՆԱԹՕի անդամ, Քոսովոյի մէջ ՆԱԹՕի ուժերու կազմէն ներս կը կատարեն խաղաղապահ առաքելութիւն:
Քուփըր նաեւ հպարտութեամբ խօսած է Հայաստանի բանակին եւ Քենզասի ազգային պահակազօրքի 15ամեայ համագործակցութեան մասին: Եզրափակելով ելոյթը, Քուփըր փափաք յայտնած է Հայաստան այցելելու, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, պաշտպանութեան մարզէն ներս կապերը խորացնելու ուղիներ փնտռելու, ազատ եւ զարգացող Հայաստանին աջակցելու, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային եւ համաշխարհային ապահովութեան ապահովման հարցով միասնաբար աշխատելու:
Տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, շեշտելով, թէ Հայաստանի համար կարեւոր է ռազմական ոլորտէն ներս Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը, իսկ դեսպանատան ռազմական կցորդ՝ գնդապետ Արման Մկրտչեան մանրամասնութիւններ փոխանցած է խաղաղապահ առաքելութիւններուն ընթացքին եւ ընդհանրապէս պաշտպանութեան մարզէն ներս համագործակցութեան մասին։
«Առաջնորդուելով Հարաւային Կովկասում եւ ամբողջ աշխարհում խաղաղութեան պահպանման առաքելութեամբ՝ Հայաստանի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը շարունակում են արդիականացնել մեր զինուած ուժերը: Մեր գործընկերների օգնութեամբ շարունակւում են բարեփոխումները՝ ուղղուած բարձր պատրաստականութիւն ունեցող զինուած ուժերի կառուցմանը», ըսած է դեսպան Ներսէսեան:
Իր կարգին, գնդապետ Մկրտչեան ըսած է. «Մենք հաւատում ենք, որ Միացեալ Նահանգների հովանու ներքոյ անցնող խաղաղապահ առաքելութիւնները լաւագոյն գործիքներից են՝ հակամարտութիւնները, զանգուածային բռնութիւնները կանխելու համար»:
Նշենք, որ տօնակատարութեան ներկայ եղած են նաեւ Քենզասի ազգային պահակազօրքէն պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գործող այլ դեսպանատուներէ ռազմական կցորդներ եւ պաշտօնատարներ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավար Արամ Համբարեան ողջունած է յարաբերութիւններ խորացնելու կապակցութեամբ Քուփընի արտայայտած պատրաստակամութիւնը, յոյժ կարեւոր նկատելով հայկակական բանակին արդիականացման ջանքերուն մէջ ամերիկեան աջակցութեանց ապահովումը։
asbarez.com/arm/336504/