Մոսկուան Երեւանին Վաճառած Է Չորս «Սու-30սմ »Կործանիչ՝ Ներքին Գիներով

02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Երեւանը Մոսկուայի հետ «Սու-30սմ» չորս կործանիչներ ձեռք բերելու համաձայնագիր կնքած է: Կործանիչները Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի ստանան 2020ին: Ռուսական «Կոմերսանտ» թերթը կը յայտնէ, որ գործարքի կեանքի կոչման համար ռուս բանակցողները ՀԱՊԿի դաշնակից Հայաստանի համար լուրջ զիջումներ կատարած են. ոչ միայն վարկ տրամադրած, այլեւ ինքնաթիռները վաճառած են ներռուսական, այլ ոչ թէ արտահանման գիներով: Այս գործարքը, կը գրէ թերթը, կարելի է նշանակալի համարել՝ ընդհանուր առմամբ հայաստանեան իշխանութիւններու եւ մասնաւորապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար: Տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանի ռազմաօդային ուժերը ձեռք կը բերեն նոր, այլ ոչ թէ օգտագործուած ռազմական ինքնաթիռներ:

Համաձայնագրով կը նախատեսուի նաեւ, որ հայ օդաչուները պիտի մարզուին ռուսական ռազմական հաստատութիւններու մէջ:

«Ըստ էութեան, սա առաջին գործարքն է, որը կնքւում է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան օրօք, մեզ համար կարեւոր էր հաստատել ՀԱՊԿ մեր դաշնակցի հետ մեր դիրքերի ամրութիւնը», «Կոմերսանտ»ին ըսած է ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ոլորտի փորձագէտ մը:

2018ի Յունիսին Նիկոլ Փաշինեան Սու-30սմ ինքնաթիռի խցիկէն նկար հրապարակած էր:

asbarez.com/arm/336651/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail