17 հոկտեմբեր 2015
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ստորեւ, կու տանք խմբագրին ստորագրութիւնը կրող յօդուածը «Տեսակէտ» տարազին տակ, միաժամանակ ակնկալելով այս նիւթի շուրջ հրապարակյին քննարկում։ «ՄԻԵԴ»-ի նախադէպը կրնայ մեր աշխատանքներուն ճամբայ հարթել կամ ճամբայ նեղցնել։
Արձագանգումները կրնան ըլլալ յօդուածով, տեսակէտը բաժնող կամ չբաժնող նամականիներով, կամ ֆեյսպուքեան գրառումներով։ Այս վերջինի պարագային ակնկալութիւնը կրկնակի է. արձագանգումին կ՛աւելնայ լրագրական էթիքի յարգումի անհրաժեշտութիւնը։
«Ա.»
«ՄԻԵԴ»-ի դատավճիռի հակասական մեկնաբանութիւններն ու արձագանգները քաղաքականօրէն հասկնալի են։ Պարզ է, որ Անգարան նախ պիտի փութար ցնծութեամբ դիմաւորելու վճիռը, ընդհուպ յայտարարել տալու համար, որ հայութեան հարիւրամեայ ստաբանութիւնը այս ձեւով վերջ գտաւ։
Հայկական կողմը թէ՜ պաշտօնական Երեւանի եւ թէ հասարակական կազմակերպութիւններու մակարդակներով վճիռի թղթածրարին մէջէն պիտի փորձէր վեր առնել դրական այն բաժինները, այստեղ եւս գլխաւոր դատախազի կողմէ որոշ չափազանցութեամբ յատարարելու համար, որ վճիռը կը բաւարարէ Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան բոլոր պահանջները։
Քաղաքականացուած այս արձագանգները երկկողմանիօրէն մտածել կու տան վճիռի այնքան նուրբ ու դիւանագիտական ձեւակերպումներուն մասին, որոնք գոհ ձգած են հակոտնեայ կողմերը։ Երեւութապէս տուժող չկայ, երկու կողմերը բաւարարուած են վճիռի եզրակացութիւններով։
Իրականութիւնը սակայն այդպէս չէ. փաստօրէն, «ՄԻԵԴ»-ը չի բաժներ Ցիւրիխի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ ժխտողականութեան քրէականացում ամրագրելու տեսակէտէն։ Խնդիրը իրաւական տեսակէտէն Ցիւրիխ-«ՄԻԵԴ» յարաբերակցութեան վրայ է ։ Ըստ էութեան խաղը աւարտած է 0-1 արդիւնքով, յօգուտ…Անգարայի։ Վճիռին հիմնաւորումներուն եւ ձեւականօրէն իրաւական մեկնաբանութիւններուն մէջ յստակօրէն կ՜ընդգծուի Հոլոքոսթի գերակայութեան խնդիրը նման քրէականացումներու պարագային, աւելի եւս շեշտելով հարցին քաղաքական բնոյթը։
Հայկական կողմը այս երեւոյթներուն ի տես վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուի` ժխտողականութեան քրէականացման պայքարի մարտավարութիւնները փոխելու կամ նոյնիսկ նման առաջադրանքի առաջնայնութիւնը հարցականի տակ առնելու առումով։
Միջավայրը` եւրոպական,շեշտակիօրէն զգայուն է մարդու արտայայտուելու իրպաւունքներու անհպելիութեան տեսակէտէն։ Կարծիքի ազատութիւնը, արտառոց վարկածներ առաջ քշելը, փերինչէքեան մարտահրաւէրներ կարդալը ընկալելի են եւրոպական արժեհամակարգային դրոյթներուն համար եւ նման պայքար մը դժուար թէ առաւելներ կարենայ ձեռք ձգել յատկապէս կարծիք յայտնելու ազատութիւնը կաշկանդելու քարոզչական յայտարարութիւններուն դիմաց։ Բնական է, ինչպէս վերը նշեցինք, այս բոլորը երկրորդ կարգ կ՜անցնին երբ հարցը կը վերաբարի Շոայի ժխտումին։ Կը թուի, որ ժխտողականութիւն քրէականցնելու հրէական մենաշնորհը տակաւին խախտելու նախադրեալները չեն հասունցած քաղաքական գետնի վրայ։
Հայկական կողմէն նման թիրախաւորում մը Եւրոպայի մէջ ,յատկապէս վերջին շրջանին`100-ամեակի շրջածիրին մէջ յաղթական դիրքերէն զիջիլ կ՛ենթադրէ։ Ճանաչումն ու դատապարտումը առաւելներ ապահոված են հայկական կողմին։ ժխտումի քրէականցումը նոյն յաջողութեան ուղիէն կրնայ չառաջնորդել մեզ, քաղաքական եւ մենաշնորհային դրոյթներու ներկայ պայմաններով։
Հիմնաւորումները կը յուշեն, որ ժխտողականութեան քրէականացումը պայքարի րիսքային գօտի է եւ ճանաչումէն հատուցում մեր համընդհանուր վարքագիծին առաւելներ չ՛ապահովեր։ Ցեղասպանութեան ճանաչման համահայկական ռազմավարութիւնը հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան հսկայական աշխատանքներէն շեղումներ պէտք չէ արձանագրէ, որոնք կրնան բացասկան առումով բեկում առաջացնել հայկական կողմին մէջ եւ պատճառ դառնալ, ձեռք ձգուած առաւլներուն դէմ հակաքայլերու ենթահող տրամադրեու Անգարային։ Թրքական կողմը այս հանգամանքներէն եւ «ՄԻԵԴ»-ի քաջալերող այս վճիռէն մեկնած եւրոպական միջավայրերու մէջ ժխտումի նոր նախաձեռնողականութիւններով կրնայ հանդէս գալ։ Պատահական չէ, որ թրքական կիսապաշտօնական արձագանգներուն մէջ կը խօսուի հարիւրամեայ ստաբանութեան վերջ դրուելուն մասին։ Ակնարկը հարիւրամեակի մեր իրագործումներուն դէմ կարեւոր քայլ նկատել է Զուիցերիոյ քրէականացման որոշումի բեկանումը։
Որքան ալ ներեւրոպական խնդիր փորձենք նկատել «ՄԻԵԴ»- Ցիւրիխ իրաւական հակամարտութիւնը, պատճառներ կան վերատեսութեան ենթարկելու ժխտումի քրէականացման մեր մարտավարութիւնը։ Համաեւրոպական այլ հաստատութիւն մը՝ եւրոխրհդրանաը ոչ հեռու անցեալին ամէնէն խիստ բանաձեւերը կ՛որդեգրէր Ազրպէյճանի դէմ, եւ կոչ կ՛ընէր հասցէական պատժամիջոցներու անցնելու։
Մեր խնդիրներու անմիջականութիւնը նկատի ունենալով, գուցէ Եւրոխորհրդարանի որոշումը շատ աւելին է իբրեւ արժէք, քան «ՄԻԵԴ»-ինը։ Երկուքն ալ աշխարհագրական եւ արժեհամակարգային միեւնոյն պայմաններուն մէջ։
Հարիւրամեակին , ձեռք բերուած արդիւնքներու բարձրակէտէն վայրէջներ կատարելու հաւանականութիւնները նուազագոյնի պէտք է իջեցնել։ Էներկիան եւ նիւթականը, գումարած կազմակերպականին եւ քարոզչաքաղաքականին պէտք է կեդրոնացնել հատուցման առաջադրանքի իրաւականացման վրայ, ինչպէս նախանշած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Հռչակագիրը։
http://www.aztagdaily.com/