Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Փաշինեանի`

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Փաշինեանի` Գերմանիոյ Մէջ Կատարած Յայտարարութիւններուն

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ ընդունուած բոլոր միջազգային բանաձեւերուն եւ փաստաթուղթերուն մէջ, նախ եւ առաջ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերու մէջ, կը պահանջուի, որ հայկական զօրքերը անյապաղ դուրս բերուին Ազրպէյճանի «գրաւուած տարածքներէն»: Այդ մասին խօսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւան` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Գերմանիոյ մէջ կատարած այն յայտարարութիւնները, որ Ազրպէյճանը նոյնպէս պէտք է զիջումներ կատարէ, իսկ տագնապի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն համար:

«Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ ըստ Ապտուլայեւայի, բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ խօսքը կը վերաբերի ոչ թէ «ժողովուրդի», այլ ծագումով հայ եւ ազրպէյճանցի բնակչութեան:

Ապտուլայեւան նաեւ նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է գիտակցի, որ տագնապին լուծումը նոր խթան պիտի հաղորդէ Հայաստանի անկախութեան եւ, նախ եւ առաջ, նոր իրավիճակ պիտի ստեղծէ, որ նաեւ տնտեսական մեծ կարելիութիւններ պիտի բանայ Հայաստանի բնակչութեան համար:

aztagdaily.com/archives/425894

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail