
Առաջին հայերէն երգը, որ ականջս լսեց <<Մեր հայրենիք>>֊ն էր։
Պզտիկուց, <<Մեր հայերնիք>>֊ի բառերը, մէջս ձքեցին այն տպաւորութիւնը որ մեր հայրենիքը դեռ ամբողջովին ազատագրուած չէ եւ պէտք ունի ազատագրութեան։ Զիս եղաւ մի պատմութիւն, որ կը պատմէ թէ մեր եռագոյնի բարձր ծածանման սիրոյն որքան արիւններ թափուած են։
<<Մեր հայրենիք>>֊ը ըմբռնեցի, իբրեւ ամփոփ պատմութիւն`մեր ազգի հարիւրաւոր տարիներու մաքառումներուն վասն ազատութեան եւ անկախութեան։
<<Մեր հայրենիք>>֊ը լոկ պետութեան մը քայլերգ չէ, այլեւ սփիւռքահայութեան մօտ`իրենց չի տեսած հայրենիքի հետ հոգեկան կապ ստեղծող քայելրգն է։
Քայլ երգ մը, որ սերունդներ երգեցին նպատակ ունենալով տեսնել հայրենիքը ազատ ու անկախ։ Քայլ երգ մը, որ տասնեակ տարիներ պահուեցաւ տարագիր եղած սփիւռքահայերուն շուրթերուն մէջ եւ կը շարունակէ տակաւին մնալ։
Ո՛չ եւ հազար անգամ ոչ քայլերգի փոփոխութեան։
#ՄերՀայրենիք
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ





