
Առաջարկ «ԿՈՄՊՈԶԻՏՈՐ»ներուն
Ընկերներէս մէկը ունի այս խորագրով սկսող (album)
(Պարապ մի նստէք)
Վերջերս նկատեցի թէ Երգահանների միութիւնը իրենց նախագահի հետ միասին պարապ եւ անգործ մնացած են, ընելիք չունին եւ կուզէն չհաստատուած եւ ոչ ճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցել հասարակութեան կապուած Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութեան եւ ջանք ճիգ չեն խնայէր արժեւորելու Արամ Խաչատուրեանի գրած երաժշտութիւնը յարմարեցնելու նոր բանաստեղծութեան մը, Յարգելի երգահաններ պարապ մի նստէք եկէք ես ձեզ օգնեմ այդ հարցով, կարիք չկայ նոր բանաստեղծութիւն գրել հին երաժշտութեան համար․
Երաժշտութիւնը կայ եւ կայ նաեւ այսօրուայ համար հին բանաստեղծութիւն մը ինչը ժամանակ չի ճանչնար եւ այժմէական ու արդիական է միշտ Հայութեան եւ Հայաստանի համար, աշխատեցէք որ Արամ Խաչատուրեանի ձեր բնորոշմամբ այդ մեծ, կայտառ եւ խանդավառ երաժշտութիւնը յարմարեցնէք մեծն Ռաֆայէլ Պատկանեանի բանաստեղծութեան,
բայց չմոռանաք նոր քառեակ մը ստեղծել «կոմպոզիտոր»ներու համար
(դուն որ քեզ կանուանես «կոմպոզիտոր»
«նօթա» կը ցանես առոյգ թէ սգաւոր
Բայց թէ Նօթայէդ շահ չունի Հայաստան
Թքել ենք քու ալ նօթայիդ ալ վրան)
Թէ՝ Յարգելիներ, պարապ մի նստէք, այս կերպ մեր երգարանը կը հարստանայ հրաշալի նոր գլուխ գործոցով․
Բանաստեղծութիւնը կարդալէ ետք ոմանց մօտ կրնայ այսպիսի հարց մը ծագիլ թէ Միքայէլ Նալպանտեանը եւ Բարսեղ Կանաչեանը ինչ՞ շահ բերած են Հայաստանի, պատասխանելու կարիք չկայ շատերուն բայց այդ հարցը իրենց մտքին մէջ ծագողներուն կայ պատասխան, ձեր Պապերու, Ձեր եւ Ձեր Զաւակներու ներկայութիւնը, գոյութեան փաստը եւ ձեր ոտքի տակ Հայաստան կոչուող Հողը մասամբ կը պարտիք նշուածներուն․․․
Պատմութիւն չիմանալը յանցանք չէ, չսորուիլը կրկնակի յանցանք
ՀԱՅԵՐՈՒՍ ԹՈՒՔԸ – Copie
Բարեւս տուի անցայ գնացի





