Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Ռուսական Միջամտութիւնը Կը Հրահրէ Ծայրայեղականութիւնը, Իսկ Սէուտական-Թրքական Համագործակցութիւնը Կը Նպաստէ Կայունութեան» Ըսաւ Ժուպէյր

Ժուպէյր եւ Սինիրլիօղլու

16 հոկտեմբեր 2015

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Քննարկեցինք Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութեան վտանգաւորութիւնը եւ քաղաքական լուծման միջոցով տագնապին վերջ տալու կարելիութիւնները` հաստատելով, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը Ասատի հեռացումով է, իսկ ռուսական միջամտութիւնը շրջանին մէջ կը հրահրէ ծայրայեղականութիւնը»: «Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը նպաստէ շրջանի կայունութեան», աւելցուց ան:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր թուրք պաշտօնակիցին հետ քննարկած է ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին մէջ Իրաքին աջակցելու կարելիութիւնները:

«Ռուսական կողմին կոչ կ՛ուղղենք միասնաբար աշխատելու, որպէսզի կարենանք Սուրիոյ մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնել, ինչ որ ճամբայ պիտի հարթէ, որպէսզի ազդու եւ աւելի լաւ կերպով պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ Ժուպէյր:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով հերքեց Թուրքիոյ այն ամբաստանութիւնը, թէ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն զէնք կը մատակարարէ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական եւ իսրայէլեան օդուժերը միացեալ ռազմափորձերու պիտի սկսին` Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի հարուածները քիչ մը նուազած են` սուրիական բանակի յարձակումներուն աշխուժացման պատճառով: Նախարարութիւնը նշեց, որ ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ մէջ կը նահանջէ, «եւ մենք անոր նոր դիրքերը յայտնաբերելու համար հետախուզական թռիչքները աշխուժացուցինք»:

Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ 24 ժամուան ընթացքին Սուրիոյ վերեւ կատարած են 33 թռիչք եւ հարուածած ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող 32 թիրախներ:

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail