06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը, Փետրուար 27-ին, պիտի դիմէ բոլոր հայերուն, յատկապէս` անոնց, որոնք տուժած են Սումգայիթի եւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերէն, եւ այդ զանգուածային բռնութիւնը պիտի բնորոշէ իբրեւ «ցեղասպանութիւն»:
Այս իրադարձութիւնը անգամ մը եւս պիտի ցուցադրէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ մտերմութիւնը հայ ժողովուրդի հետ, եւ ինչպէս կ՝ըսէ Հռոմի պապը՝ վերաբերմունքը «քրիստոնէութիւնը առաջինն ընդունած ժողովուրդի ճակատագիր»ին նկատմամբ։
Այս մասին՝ ըստ Yerkir.am-ի՝ «Երկրամաս»-ին յայտնած է Մոսկուայի հայ կաթոլիկ համայնքի քահանայ Պետրոս Եսայեանը։
«Այդ օրուընէ անցած է 31 տարի, ես ալ Պաքուէն փախստական եմ։ Լաւ կը յիշեմ այդ իրադարձութիւնները, թակարդի մէջ յայտնուած ընտանիքիս եւ այլ հայերու վախի արցունքները։ Ես փոքր էի, բայց ամէն բան կը յիշեմ մանրակրկիտ՝ բոլոր զրոյցները հայրիկիս հետ, նաեւ այն, թէ ինչպէս կը փախչէինք Պաքուէն, քաղաքէն, ուր չենք կրնար վերադառնալ ո՛չ միայն ապրելու, այլ՝ փողոցներու մէջ քալելու, երբեմնի հարազատ տան մօտ կանգնելու համար։
Մինչ օրս այդ փաստը, ինչպէս նաեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը չընդունիլը, կը դժուարացնէ տարածաշրջանի՝ առանց այդ ալ բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը»,- ըսած է հայր Պետրոսը։
yerakouyn.com/2019/02/06/