Թուրքիան Արձագանգած է Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ազգային Օր Նշելու Մասին Մաքրոնի Յայտարարութեան

06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր նշուելու մասին յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով AA-ը։

«Խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, առ այն որ Ապրիլ 24-ը, այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր պիտի նշուի: Այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են, որոնք ոչ մէկ իրաւական հիմք ունին եւ կը հակասեն պատմական ճշմարտութիւններուն»,- ըսած է Էրտողանի խօսնակը:

Քալըն կրկին ներկայացուցած է պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով հիմնելու Էրտողանի առաջարկները՝ անոնցմէ հրաժարողները մեղադրելով պատմական դէպքերը շահարկելու փորձի մէջ:

Քալըն շեշտած է, որ հնարաւորթիւն պիտի չտան անոնց, որոնք կը փորձեն անցեալը նենգափոխելով պատմութենէն ոխ, ատելութիւն եւ թշնամութիւն բխեցնել:

Շարունակելով միտքը՝ Քալըն, մասնաւորապէս, ըսած է,- «Ոչ ոք կրնայ Թուրքիան մեղադրել իր չկատարած յանցանքին մէջ եւ բիծ ձգել մեր պատմութեան վրայ: Կը քննադատենք ու կը մերժենք իր երկրին մէջ քաղաքական խնդիրներ ունեցող պրն. Մաքրոնի կողմէ իրավիճակը փրկելու նպատակով պատմական իրադարձութիւնները քաղաքական ապրանք դարձնելը:

Տառապանքները մրցակցութեան մէջ դնելը եւ քաղաքական թեմա դարձնելը քաղաքական եւ բարոյական ստորութիւն է: Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ դրական նպատակ ունեցող ամէն տեսակ ջանքերուն, որոնք կը կատարուին Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերը համատեղ ցաւի եւ արդար յիշողութեան մօտեցումով վեր հանելուն»:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 5-ին, Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Ապրիլ 24-ը պիտի դառնայ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր»։ Մաքրոն նշած է, որ իր այս նախաձեռնութիւնը պիտի սկսի գործել յաջորդ Ապրիլ 24-ին։

«Ֆրանսան, առաջին հերթին, այն երկիրն է, որ գիտէ, ինչպէս նայիլ պատմութեան, որ առաջիններէն մէկը դատապարտեց 1915-ի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, որ 2001-ին, երկար պայքարէ ետք, օրէնքով ճանչցաւ զայն ու Ապրիլ 24-ը յաջորդ շաբաթներուն ընթացքին պիտի դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր»,- ըսած է Մաքրոն:

Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ունենալու որոշման մասին Մաքրոն գրած է նաեւ Twitter-ի իր էջին վրայ։

yerakouyn.com/2019/02/06/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail