Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Զարթի՛ր, Որդեա՛կ – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

29 յունուարին Քալիֆորնիոյ մէջ հայկական մեր դպրոցներու սրբապղծումը թուրքերու կողմէ նոր փուլ մըն էր գրգռութեան: Այս արարքը կը նշանակէ բացայայտ, քողազերծ ճակատում` հայ սփիւռքին դէմ: Այո՛, թէեւ տակաւին խնդրոյ առարկան չէ ձերբակալուած ոստիկանութեան կողմէ, բայց արդիւնքէն դատելով` մեզի համար խիստ յստակ է, որ ան թուրք-ազերիական մղումով աշխատանք մըն է:

Շատ գէշ, յոռի եւ վատ լուր մըն էր ողջ հայութեան համար, նաեւ ահազանգ` թմբիրի մէջ սուզուած այն հայերուն, որոնք չեն պայքարիր ի նպաստ հայապահպանման, եւ կամ` անոնց համար, որոնք կը կարծեն, թէ երէկուան օսմանցիները այսօրուան թուրքերը չեն:

Թուրք-ազերիները ոչ միայն յանդգնութիւնը ունեցան ծրագրելու, այլ նաեւ քաջութիւնը ունեցան գործադրելու եւ յաջողցնելու այս խեղ արարքը մեր սփիւռքի հզօրացած, կազմակերպուած գաղութին մէջ: Խիստ մտահոգիչ երեւոյթ. արդեօք կը գտնուինք նոր ոճով պայքարի մը սեմի՞ն: Յոյժ գնահատելի էր սփիւռքի միասնական կեցուածքն ու պոռթկումը, ի մասնաւորի` Քալիֆորնիոյ սոյն շրջանի մեր նուիրեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, կազմակերպութիւններուն, ազգային միութիւններուն, որոնք իրենց մամլոյ ասուլիսներով, լրատուական աղբիւրներով, թերթերով ու իրենց քաղաքական կապերով մեծ արձագանգ ստեղծեցին` դատապարտելու ոճրագործ թուրքը:

Այս բոլորը զիս հոգեպէս կը տեղափոխեն 1980 թուականներու փոթորկալից Լիբանան, երբ վատ թուրքերը սպաննեցին ու առեւանգեցին մեր ամենապատուական ընտիր նուիրեալ ղեկավարները` դաշունահարելով մեր պրկուած սրտերը: Նախ, նոյն ժամանակաշրջանին, չեմ մոռնար այն «նամակը», որ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ ուղարկուած էր հօրս` Ոսկեբերան Արզումանեանին, ազգային գործիչ եւ ֆրանսական համալսարանի ընդհանուր վարչական տնօրէն, «խրատելով» զինք հեռու մնալ ազգային հարցերէն, եթէ կ՛ուզէ ապահով մնալ:

Մօտ երեսունհինգ տարի ետք ոսոխները անգամ մը եւս յարձակողականի անցան: Պատրա՞ստ ենք մեր ազգային կառոյցները պաշտպանելու. եթէ չենք` պատրաստուինք:

Բայց զարմանալիօրէն այս բոլոր վերիվայրումներուն մէջ մեծ բացական ու մեծ անձայնը, չըսելու համար` համրը, մեր անկախ հայրենիքն էր: Ո՞ւր էին արդեօք արտաքին գործոց ու սփիւռքի նախարարութիւնները: Ի՜նչ ամօթ, ի՜նչ զարմանալի, ի՜նչ ծիծաղելի, որ իբրեւ պետութիւն ձայներնին` չբարձրացուցին: Եթէ այս մէկը պատահէր հրեայ դպրոցի մը, արդեօ՞ք Իսրայէլի պետութիւնը նոյն կեցուածքն ու վերաբերմունքը պիտի ունենար, Հայաստանի պետութեան նման:

Խնդրեմ, պատասխանը շատ յստակ է, չփորձենք մեր մատին ետեւ պահուըտիլ, չփորձենք անհիմն ու անհեթեթ պատճառաբանութիւններ գտնել. Հայաստանի պետական այս կամ այն նախարարութիւնները թերացան իրենց պարտականութեան մէջ, եւ այս մէկը խիստ դատապարտելի է:

Լաւ գիտենք, որ մեր ուժը մեր միասնականութեան մէջ է, բայց նաեւ լաւ պէտք է գիտնանք, որ այսօր մեր թշնամին շատ հզօր պետութիւն մըն է` անսահման դրամական եւ քաղաքական դիւանագիտական կարողութիւններով: Ան երբեք չի զանազաներ մեր ազգային կուսակցական գունաւորումները եւ կամ` մեր դաւանական պատկանելիութիւնը: Պայքարը ընդհանուր է, խրամատներուն մէջ ամէնքս միասին ենք ուս-ուսի, ակնապիշ ու ականջալուր` ի դէմս մեր դարաւոր նոյն թշնամիին, որ մեր հայրերն ու մայրերը ողջակիզեց: Պարտութիւնը պիտի նշանակէ ազգին կորուստը, պայքարը բիրտ է եւ երկար: Դասալքութիւնը կը համապատասխանէ դաւաճանութեան, իսկ պատմութիւնը անպայման կը դատէ դաւաճանը:

aztagdaily.com/archives/426267

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail