Սլաք. Իսկական «Քաղաքական Սուտ»-ը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն անդրադարձաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու մտադրութեան մասին յայտարարութեան:

Թուրքիոյ նախագահի բանբերը այդ յայտարարութիւնը «բուռն կերպով» դատապարտելէ եւ Մաքրոնի կողմէ «իր երկրին դիմագրաւած քաղաքական խնդիրներէն ինքզինք փրկելու նպատակով պատմական դէպքերը իբրեւ քաղաքական նիւթ օգտագործելը» մերժելէն ետք յայտարարեց. «Ենթադրեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ մըն է, որ կը հակասէ պատմական ճշմարտութեան, եւ Թուրքիան ատոր որեւէ արժէք չի տար»:

Իրա՞ւ, որովհետեւ կատարուած անդրադարձը, «բուռն կերպով» մերժումը եւ Ֆրանսայի նախագահին հասցէին հնչած ամբաստանութիւնը ճիշդ հակառակը ցոյց կու տան: Անոնք անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ իսկական սուտը Հայոց ցեղասպանութեան մասին «պատմական ճշմարտութեան չհամապատասխանող քաղաքական սուտ մը» ըսելն է եւ մանաւանդ այն պնդումը, թէ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութեան հարցին որեւէ արժէք չի տար:

Եթէ այդ պնդումը ճիշդ է, ուրեմն ինչո՞ւ անոր փորը այսքան կը ցաւի ամէն անգամ, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը որդեգրուի կամ նոյնիսկ յայտարարութիւն մը կատարուի:

aztagdaily.com/archives/426305

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail