
07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ներկայութեամբ, 5 փետրուարին Ֆրանսայի մէջ կայացաւ Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին տարեկան ընթրիքը, որուն մասնակցեցան նաեւ` Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը, ծերակոյտի անդամներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հանրածանօթ շուրջ 480 անձնաւորութիւններ ու հրաւիրեալներ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը ջերմօրէն շնորհաւորած եւ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն` իրենց ընդառաջումին համար: «Այո՛, սրտագին, որովհետեւ հայ ժողովուրդին ու Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր կապը հոգեկան է` ե՛ւ հաւատարմութիւն, ե՛ւ վստահութիւն, ե՛ւ յարգանք: Այս երեկոն կը բնորոշուի մեր փոխադարձ անկեղծութեամբ, զոր կ՛արտայայտենք ամենայն անկաշկանդուածութեամբ, որովհետեւ կը գտնուինք բարեկամական շրջանակի մէջ, ուր, հետեւաբար, հարցերը պէտք է ներկայացուին իրենց անկեղծութեան մէջ»:
Ան անդրադարձած է հիմնական երեք կէտերու:
Առաջինը կը վերաբերի 11 նոյեմբեր 2018-ին Էրտողանի Փարիզ այցելութեան. Մուրատ Փափազեան հարց տուած է. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակին առիթով ինչպէ՞ս կարելի է այդ նախագահը յարգանքով հիւրընկալել Փարիզի մէջ: Նախագահ, որ Թուրքիան լրագրողներու համար վերածած է աշխարհի մեծագոյն բանտին, ուր բանտարկուած են հազարաւոր ընդդիմադիրներ, ակադեմականներ ու տարբեր պաշտօնատարներ: Այս ընդունելութեան ի տես` ֆրանսահայութիւնը ապրեցաւ մեծ յուսախաբութիւն եւ հիասթափութիւն, մանաւանդ որ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործուած է ինքնին Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ: Ուստի, այո՛, այս անընդունելի այցելութիւնը խստիւ ու արդարօրէն մերժեցինք, դատապարտեցինք` յանուն այն արժէքներուն, որոնք դասաւանդած ու փոխանցած են մեզի Ֆրանսայի մէջ, ֆրանսական պետական դպրոցներուն մէջ` ըստ ֆրանսական լուսաւորութեան համամարդկային արժէքներու եւ չափանիշներու»:
Մուրատ Փափազեան շեշտած է, որ սրահին մէջ գտնուողները անխտիր կը բաժնեն` ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքները, մարդկային իրաւունքներու յարգումը եւ ազգերու ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: «Եւ այս արժեչափերով եւ սկզբունքներով է, հետեւաբար, որ մենք կը պաշտպանենք ու կը զօրակցինք Արցախի հայութեան: Որովհետեւ 1988-ին ծաւալած ժողովրդավար արդար շարժման Ազրպէյճանը հակազդեց` պատերազմով, սպանդով, հազարաւոր զոհերով, բռնագաղթով: Սպանդ եւ պատերազմ էր 1988, 1989, 1990 թուականներուն, եւ դեռ պատերազմ է մինչեւ այսօր, փաստ` 2016-ի քառօրեայ պատերազմը: Ու մինչեւ այսօր Պաքուն կը շարունակէ հազարաւոր անգամ խախտել զինադադարը: Արդ, պարո՛ն նախագահ, ի՞նչ կրնանք ընել մենք` բացի զօրավիգ կանգնելէ անընդհատ յարձակման ենթակայ մեր ժողովուրդին, որ կ՛ուզէ ազատ ու խաղաղ ապրիլ պապենական իր հողին վրայ: Ի՞նչ կրնանք ընել` բացի զօրակցելէ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պահանջին:
Խօսելով երկրորդ կէտին` Արցախի տագնապին մասին, Փափազեան յայտնած է. «Ի՞նչ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի շարունակէ մնալ աշխարհի միակ հակամարտութիւնը, որուն հիմնական կողմերէն մէկը բացակայ է բանակցութիւններու սեղանէն: Ինչո՞ւ: Այլ հակամարտութիւններու պարագային` Հարաւային Օսեթիա, Աբխազիա, Քոսովօ, Պաղեստին, խնդրոյ առարկայ բոլոր կողմերը ներկայ են բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Ուրեմն ինչո՞ւ վարել վանողական այս դիւանագիտութիւնը, մանաւանդ որ տասնամեակներէ ի վեր ատիկա ապացուցեց իր անարդիւնաւէտութիւնը:
«Պարո՛ն նախագահ, մէկ տարի առաջ ձեզ հրաւիրեցինք Լեռնային Ղարաբաղ, զոր մենք կը կոչենք պատմական բուն անունով` Արցախ: Շատ քաղաքավարօրէն զայն կանխարգիլեցիք` հիմնաւորելով, որ Ֆրանսան հակամարտութեան լուծման մէջ իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ` ունի կարեւոր պատասխանատուութիւն, հետեւաբար պէտք է խիստ ուշադիր ըլլայ չէզոքութեան հանգամանքին: Յանուն խաղաղութեան` չէզոքութիւնը չ՛ենթադրեր նաեւ զէնքի, հրթիռի ու ռազմական այլ տեսակի կազմածներու վաճառքի արգիլումը հակամարտող կողմերէն մէկուն: Պարո՛ն նախագահ, մեզի համար ահաւոր ու անընդունելի է պատկերացնել, որ հայեր սպաննուին ֆրանսական զինամթերքով: Եւ հոս հաւաքաբար յոյս ունինք, որ ձեզի համար եւս անընդունելի պիտի ըլլայ այդպիսի բան», նշած է Փափազեան:
Անդրադառնալով երրորդ կէտին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ըսած է. «Ներկայի նուրբ կացութեան մէջ մենք կարիքը ունինք մեր բոլոր բարեկամներուն: Ղարաբաղի տագնապը մեր առաջնահերթութիւնն է: Հետեւաբար կոչով կը դիմենք ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան մեր բոլոր բարեկամներուն` այցելելու Արցախ, զօրակցելու ժողովուրդի մը, որ 2019 թուականին տակաւին կը դիմագրաւէ լուրջ վտանգներ: Այցելել այնտեղ` կը նշանակէ շունչ ներարկել տեղւոյն բնակչութեան, որ կարիքը ունի ատոր: Այցելել այնտեղ` կը նշանակէ խրախուսել այն կիներն ու երեխաները, այն մարդիկը, որոնք կը պահանջեն խաղաղ կեանք ունենալ իրենց գիւղերուն, ծննդավայրերուն մէջ, իրենց պապենական հարազատ հողի վրայ:
«Անոնք ունին այդ իրաւունքը: Ուրեմն, այո՛, վստահաբար դուք ալ պիտի յայտնուիք Ազրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ, ուր արդէն կան բազմաթիւ խորհրդարանականներ, որոնք գիտակցաբար եւ քաջաբար այցելած են Արցախ, եւ որոնց անգամ մը եւս կ՛ուզենք յայտնել մեր խորին երախտագիտութիւնը` յանձինս Փաթրիք Տեւեճեանի, Ֆրանսուա Ռոշպլուանի, Ռընէ Ռուքէի, Պրիւնօ լը Ռուի, Վալերի Պուայէի, Լիւք Քարվունասի, Ֆրանսուա Փիւփոնիի, Ժան-Մարք Ժերմենի, Ժան Լոնէի, Նաթալի Նիելսոնի, Ֆրանսուազ Տիւմայի®
«Կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ Ֆրանսայի քաղաքներուն, գաւառներուն եւ շրջաններուն, որ բազմապատկեն բարեկամութեան յուշագիրներու կնքումը Արցախի համապատասխան քաղաքներուն հետ, որպէսզի ոչ թէ նեղ կացութեան մատնեն ֆրանսական դիւանագիտութիւնը, այլ զօրացնեն», եզրափակած է Մուրատ Փափազեան:
aztagdaily.com/archives/426348





