
09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին յայտարարեց. «Իտլիպի մէջ զինուորական հաւանական գործողութիւնը, եթէ տեղի ունենայ, ազդու կերպով կազմակերպուած պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան արգելոցներու գոյութիւնը պիտի չարտօնէ»:
«Իտլիպ 2017-ին ստեղծուած լարուածութեան մեղմացման չորս գօտիներէն վերջինն է, որ տակաւին կը գործէ», ըսաւ ան` նշելով. «Լարուածութեան մեղմացման գօտիներու շուրջ բոլոր համաձայնութիւններուն մէջ սկիզբէն իբրեւ հիմնական կէտ նշեցինք, որ ասիկա ժամանակաւոր դասաւորում մըն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ոչ ոք այդ շրջանը յաւիտեանս պիտի ճանչնայ ինչպէս որ է»:
«Այդ շրջանը Սուրիոյ պետութեան եւ սուրիական հողերու անբաժանելի մէկ մասն է, ինչ որ կը նշանակէ, որ Սուրիոյ մէջ գարշելի ահաբեկչութեան արգելոցներու գոյութիւնը պիտի չարտօնենք: Ատիկա նաեւ կը նշանակէ, որ մենք եւ Ռուսիոյ նախագահը անկեղծօրէն յայտնեցինք, որ ուշ կամ կանուխ պէտք է վերջ տալ ահաբեկչութեան», ըսաւ Վերշինին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշեց. «Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը եւ Իտլիպի կացութիւնը այն ամէնէն կարեւոր հարցերէն են, որ պիտի ըլլան Սոչիի մէջ 15 փետրուարին Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի ղեկավարներուն հանդիպումի ընթացքին քննարկման սեղանին վրայ»:
aztagdaily.com/archives/426640





