Հայաստան կարեւոր կը նկատէ հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հետ երկկողմանի կապերու ընդլայնումը, եւ այդ մասին կը վկայէ նաեւ այդ մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն հիմնելու Երեւանի որոշումը: Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Յուլիս 29ին ընդունելով հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Ծրագրաւորման նախարար Ալի Սինտին, որ մարզի վարչապետ Նեշիրվան Պարզանիի ջերմ ողջոյններն ու մաղթանքները փոխանցած է Հայաստանի վարապետին, կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին: Ան նաեւ ըսած է. “Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացմամբ եւ իմ այցելութեանս նպատակն է ուսումնասիրել Հայաստանի ներդրումային կարելիութիւնները եւ հայ գործընկերներուն հետ քննարկել գործակցութեան զարգացման հեռանկարները”։
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակէն եւ կարեւոր նկատած են առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացումն ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերու բացայայտումը: Տնտեսական ներուժի լիարժէք օգտագործման առումով երկուստեք կարեւոր նկատուած է հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնախումբի գործունէութիւնը, հայ եւ քիւրտ գործարար շրջանակներու միջեւ ուղղակի կապերու հաստատումը, գործարար համաժողովներու եւ հանդիպումներու կազմակերպումը: Նշուած է, որ միջկառավարական յանձնախումբի երրորդ նիստը կը նախատեսուի կազմակերպել աշնան Պաղտատի մէջ եւ ատիկա կարելիութիւն պիտի ընձեռէ քննարկելու երկկողմանի գործակցութեան կարգ մը ուղղութիւններ եւ կեանքի կոչել գործնական ծրագիրներ:
Կողմերը նաեւ բարձր գնահատած են փոխադարձ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Իրաքի դեսպանութիւններուն ջանքերը:
Ալի Սինտի նոյն օրը նաեւ տեսակցած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանի հետ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպան Ղազի Թահիր Խալէտ, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերգէյ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ նախարարութեան այլ աշխատակիցներ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Հանդիպման ընթացքին Կարէն Ճշմարիտեան ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութիւնը, Հայաստանի մէջ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու իւրայատկութիւններն ու առաւելութիւնները, արտաքին առեւտուրի բարենպաստ պայմանները։ Ան այնուհետեւ խօսած է Հայաստանի մէջ գործող ազատ տնտեսական գօտիներու մէջ արտադրական գործունէութեան ձեռնարկելու կարելիութիւններուն մասին։ Հանդիպման աւարտին նախարար Ալի Սինտի Կարէն Ճշմարիտեանը հրաւիրած է Էրպիլ:
http://www.azadkhosk.com/aylazan5004.html