Սերկէյ Շոյկու. «Հայաստանը Ռուսիոյ Յուսալի Դաշնակիցն Ու Կարեւոր Գործընկերն Է Հարաւային Կովկասին Մէջ»

09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կը շարունակուի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի աշխատանքային այցելութիւնը Ռուսիա: 8 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ յուսալի դաշնակիցն ու կարեւոր գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Դաւիթ Տօնոյեանին` Սուրիոյ մարդասիրական աջակցութեան համար, նշելով, որ Հայաստանը առաջին արձագանգողը եղած է արաբական պետութեան խաղաղ քաղաքացիներուն աջակցելու Ռուսիոյ կոչին:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին` Սուրիոյ տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան հարցով համագործակցութեան համար: Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ Ռուսիոյ գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ կը նպաստեն յետպատերազմեան վերականգնման, եւ կարեւոր նկատած Հայաստանի մասնակցութիւնը մարդասիրական գործողութեան:

«Կարեւոր է մեր աջակցութիւնը սուրիացի ժողովուրդին, որուն մէկ մասն է հայկական սփիւռքը», ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան:

Հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան հարցեր` այդ կարգին` Հայաստանի զինուած ուժերու կանխարգելիչ գերակայութիւնը ապահովող նորագոյն եւ ճշգրիտ զինատեսակներով համալրելու հետ կապուած հարցեր: Քննարկուած են նաեւ մարտական պատրաստութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած միացեալ ծրագիրները: Ընդգծելով, որ հայ-ռուսական երկկողմանի զինուորական համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, կողմերը համոզում յայտնած են, որ ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին զարգանալ:

aztagdaily.com/archives/426614

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail