
10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ: /Radio YAN/
Միամիտներ կ’ուրախանան Մաքրոնի նախընտրական խոստումի խոստում յայտարարութիւններով՝ առանց իսկ փորձել հասկնալու Ֆրանսայի ներքաղաքական անցուդարձերը եւ տասնամեակներ տեւած ապրիլի նախօրեակին Ֆրանսայի նախագահներու օդին մէջ մնացած խոստումները որոնցմէ ոչ մէկը մինչ օրս իրականութիւն դարձած է (2001֊էն ի վեր)։
Ֆրանսայի հայերուն պահանջը ցեղասպանութեան ուրացունը օրինականցնելն էր ու Ազրպէճանին զէնք չվաճառելը, այլ ոչ թէ յիշատակի օր ունենալը։
Ի միջի այլոց, ցեղասպանութիւնը ընդունողներուն շնորհակալութիւն յայտնողներուն ալ կ’ըսեմ թէ պէտք չէ շնորհակալութիւն յայտնել անձի մը կամ պետութեան մը որ որոշած է ՄԱՐԴ ըլլալ ու ընդունիլ համամարդկային ոճիր մը։





