Իրան – Հայաստան Երկաթուղիի Կառուցման Աջակցելու Առաջարկ Ներկայացուցած Է Չինաստանը

Իրան-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն շրջադարձային նոր հանգրուան: Երկու երկիրները կը միացնէ Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդման գիծը: Համաձայնագիրը ստորագրուած է, եւ առաջին յենասիւնները պիտի դրուին շուտով:

«Համոզուած եմ, որ Իրանի հետ համագործակցութիւնը` յատկապես ուժանիւթի մարզին մէջ, պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու շրջանառութեան ծաւալներու զգալի աճին:

Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ողջունէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնն ու կարեւոր կը նկատէ Իրանի ու միջազգային միջնորդներու կառուցողական ջանքերը: Պէտք է արձանագրել, որ այդ համաձայնութեամբ շրջանը երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասցնելու հարցին մէջ կարեւոր քայլ կատարուած է», կառավարութեան նիստին ընթացքին ըսած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

Հայաստանը չինական կողմէն Իրան-Հայաստան երկաթուղիի կառուցման աջակցելու առաջարկ ստացած է, սակայն թէ երկաթուղիով առաջին շոքեկառքը ե՞րբ պիտի շարժի, փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեանը տակաւին չի գիտեր: «Չինական կողմը շահագրգռուածութիւն ունի եւ իմ կարծիքովս շատ լաւ առաջարկներ կատարած է, քննարկենք, տեսնենք, թէ այդ մէկը ինչպէ՞ս կրնանք իրականացնել», ըսած է Գագիկ Բեգլարեան:

http://www.azadkhosk.com/antzoutartz5003.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail