Չինաստան Թուրքիոյ Բողոք Յայտնած Է Ույղուրներու Մասին Վերջինիս «Զզուելի» Յայտարարութիւններուն Համար

12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Չինաստան «զզուելի» կոչած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյի ույղուրներու մասին կատարած յայտարարութիւնը եւ բողոք յայտնած թրքական կողմին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Չունյինկ:

Աքսոյ իր յայտարարութեան մէջ Չինաստանին կոչ ուղղած էր` յարգելու ույղուրներու իրաւունքները եւ փակելու անոնց բռնի պահման ճամբարները: Ան «խայտառակութիւն» որակած էր այն երեւոյթը, որ 21-րդ դարուն դարձեալ ի յայտ եկած են համակեդրոնացման ճամբարներ:

aztagdaily.com/archives/426879

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail