«Մենք Կ’ապրինք Նաեւ Բաբելոնէն Ետք. Հայերու Եւ Հրէաներու Գոյութեան Փորձը» Խորագիրով Միջազգային Համաժողով Գերմանիոյ Մէջ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ:

Հիւսիսային Գերմանիոյ երրորդ խոշորագոյն քաղաք, Ներքին Սաքսոնիա երկրամասի մայրաքաղաք Հանովըրի մէջ Փետրուար 24-էն 27 տեղի պիտի ունենայ «Մենք կ’ապրինք նաեւ Բաբելոնէն ետք. հայերու եւ հրէաներու գոյութեան փորձը. տեղահանման, արտաքսման եւ ոչնչացման միջեւ» խորագիրով միջազգային համաժողովը, զոր նախաձեռնած են Հրէական երաժշտութէան եւրոպական կեդրոնը եւ Գերմանահայկական միութիւնը` Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:

Ինչպէս կը հաղորդէ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը, համաժողովի պաշտօնական աջակցողներն են նաեւ Ներքին Սաքսոնիա հիմնադրամը, «Գերմանական հետազօտական միաւորում» հիմնադրամը, Դր. Պուհմանի անուան միջկրօնական փոխըմբռնման հիմնադրամը, Դաշնային երկրամասի մայրաքաղաք Հանովըրի մշակութային վարչութիւնը:

Եռօրեայ համաժողովին ելոյթներ պիտի ունենան շարք մը անուանի գիտնականներ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Իսրայէլէն եւ այլ երկիրներէ:

erakouyn.com/2019/02/13/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail