Լիպիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դերը Մտահոգիչ Է. Գահիրէ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարեց, թէ կարգ մը երկիրներու եւ մասնաւորաբար Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը մտահոգիչ է, «եւ չենք ուզեր, որ այդ դերակատարութիւնը տարածուելով ներառէ ափրիկեան ցամաքամասի այլ երկիրներ»:

«Այն, ինչը Լիպիոյ մէջ կը պատահի ուղղակի ազդեցութիւն ունի Եգիպտոսի վրայ: Եգիպտոս-Լիպիա սահմանի ապահովութեան երաշխաւորումը մեծ ջանք, ներուժ եւ կեանքեր կը խլէ», նշեց ան՝ աւելցնլով. «Գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք լիպիական ներքին հարցերուն կը միջամտեն, ահաբեկչական խմբաւորումներուն կ՛աջակցին, զէնք եւ նիւթական աջակցութիւն կ՛ապահովեն»:

«Պետութիւններն ու ապահովական մարմինները կը տեսնեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն տրամադրուած աջակցութիւնը, եւ եթէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ու անոր վերջ տալու ժողովներ գումարող միջազգային ընտանիքը հաւաստիութիւն ունի, ապա պէտք է դիմակայէ այդ իրականութիւնը եւ անկեղծ կերպով զանոնք նկատի ունենայ, որպէսզի երկու չափ երկու կշիռներ չստեղծուին կամ այդ երեւոյթներուն քաղաքական սխալ օգտագործում չըլլայ», շեշտեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

Յիշեցնենք, որ Լիպիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին դիմած էր՝ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու կոչով՝ շեշտելով, որ վերջերս անգամ մը եւս կարելի եղած է գրաւել Թուրքիոյ կողմէ Լիպիոյ իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն ուղարկուած զէնքեր եւ զինամթերք:

asbarez.com/arm/337458/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail