«Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը Կամ Չմնալը Կ՛որոշէ Սուրիացի Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Գահիրէ

Ահմետ Ապու Զէյտ

19 հոկտեմբեր 2015

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ հերքեց, որ «Ժընեւ-1» խորհրդաժողովի որոշումներուն շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին` նշելով, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալու կամ չմնալու հարցը կ՛որոշէ սուրիացի ժողովուրդը:

Ապու Զէյտ նշեց, որ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա համամիտ են, որ պէտք է յարգել «Ժընեւ-1»-ի որոշումները` աւելցնելով, որ այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրը երբեմն կ՛ունենան կեցուածքներ, որոնք մէկզմէկու կեցուածքներուն 100 առ հարիւր չեն համապատասխաներ, սակայն խորհրդակցութիւնն ու համակարգումը կայ եւ ուղղուածութիւնը մէկ է:

Ապու Զէյտ հերքեց, թէ Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական կամ տնտեսական մակարդակի վրայ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով հանդիպում ունեցաւ Սուրիական համախոհութեան նախագահ Ահմետ Ժարպայի հետ, որուն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ ռուսական օդային գործողութեան նպատակները:

Պոկտանով շաբաթ օր Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցած էր Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական օդանաւերը 24 ժամուան ընթացքին Սուրիոյ վերեւ կատարած են 39 թռիչքներ եւ հարուածած 51 թիրախներ:

Նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշնիքով յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները փախուստ կու տան դէպի Սուրիոյ արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններ, իսկ օդային հարուածներուն ազդեցութեան տակ ջլատուած է Ժէյշ Ֆաթըհ զինեալ խմբաւորման ղեկավարութիւնը, եւ անոր զինեալ խմբաւորումները տարտղնուած են:

Միւս կողմէ, Քուպայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժերարտօ Փինալվիր հերքեց մամլոյ այն տեղեկութիւնները, թէ քուպական ուժեր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցելու համար ուղարկուած են Սուրիա:

Ան այդ լրատուութիւնները նկատեց «անպատասխանատու»:

«Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը Կամ Չմնալը Կ՛որոշէ Սուրիացի Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Գահիրէ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail