
06.02.2019 – ԱՌՈՐԵԱՅ:
ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Դըրընդեզ, Դենդառաջ, Տէրինտաս, Տեառնընդառաջ, այսինքն՝ Տիրոջն ընդառաջ։
Երբ Մարիամը 40 օրական Յիսուսին Տաճարին ընծայելու կը բերէ, նրանց ընդառաջ կու գայ Սիմէոն ծերունին, ում վիճակուած էր մահ չտեսնել մինչեւ Տիրոջ օծեալին տեսնելը։
Տեառնընդառաջը եկեղեցին կը տօնէ Փետրուարի 14-ին։ Նախատօնակի աւարտին կը կատարեն Անդաստանի արարողութիւնը՝ եկեղեցու կանթեղներէն վերցուած կրակով խարոյկ կը վառեն՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ, եւ կ՚օրհնեն աշխարհի չորս ծագերը։ Իսկ Տեառնընդառաջի պատարագի աւարտին տեղի կ՚ունենայ նորապսակների օրհնութեան կարգ։
Սակայն Տըրընդեզի հիմնական ծէսը, որ մեզ կը յուշէ տօնի՝ վաղնջական ժամանակներէ ծագած լինելու մասին, կրակի հետ է կապուած։ Կրակի, որ կը մաքրագործէ, կը սրբէ բոլոր ախտերն ու չարիքը, կապաքինէ հիւանդներին, առատութիւն կը բերէ բնութեանը, օրհնութիւն՝ մարդկանց։
«Ձմրան քառասունքը» վերջացաւ, «մեծն գոլն ընկաւ» բառերով կը վառէին խարոյկը՝ կոչ անելով ամէն մէկին մի փայտ, մի գերան բերել եւ կրակը թեժացնելով՝ «ձմեռը վառել»։
Կար ժամանակ, որ իւրաքանչիւր տան բակէն կ՚ելնէր Տրնդեզի կրակի ծուխը․․․Մեր օրերում խարոյկը, հիմնականէն, կը վառեն եկեղեցու եւ նորապսակ կամ նշանուած հարսներու տան բակերում։
Նորապսակ տղաքը նոյն օրը կը բերէին խարոյկի փայտերը եւ իրենք ալ կը վառէին խարոյկը, նախ՝ եկեղեցու բակինը, ապա՝ եկեղեցու խարոյկի կրակով օծուած փայտերով կը վառէին իրենց տան փոքրիկ խարոյկները։ Նորափեսաները ընծայ կը տային եկեղեցուն՝ գինի, դրամ, որեւէ մատաղացու…
Նախ օրհնանքներու ներքոյ նորապսակները կը պտտուէին խարոյկի շուրջը՝ իրենց պսակի հագուստները հագին․սա կրկնապսակ կը կոչուէր։ Յաճախ նորահարսի գիրկը տղայ մանչ կը դնէին, որպէսզի նրա առաջնեկն ալ տղայ ըլլայ։ Իսկ մոր եւ մանկան պտոյտը մոր համար բազմածնութեան, իսկ մանկան՝ երկարակեցութեան նշան էր։
Տրնդեզը կը յիշուի որպէս նորահարսներու տօն։ Այդ օրը կեսուրներն իրենց հարսներին «ցոյց կու տային կրակին»՝ եկեղեցու կրակից յետոյ իրենց ազգականուհիների հետ կայցելէին հարսնացուի տուն եւ անձամբ կ՚ուղեկցէին հարսնացուին՝ կրակի շուրջը պտտելու։ Իսկ ահա նոր նշանուած հարսներին «փայ» կը ղրկէին՝ ընկուզեղէն, չամիչ, աղանձ, մրգեր եւ որեւէ զարդ։
Քանի որ Տրնդեզի կրակը ըղձակատար էր, մարդիկ իրենց փափագը խորհրդանշող որեւէ իր կը նետէին խարոյկի մէջ՝ ցորեն, մանրադրամ։ Նոյն նպատակով նորահարսները փայտէ փոքրիկ ճիւղերին գոյնզգոյն լաթեր կը կապէին եւ կը նետէին կրակի մէջ։
Տրնդեզի կրակը բարեբեր էր, չարը խափանող, հիւանդութիւնը բուժող։ Խարոյկի վրայով առաջինը կը թռչեր տան ամենատարեց կինը, որպէսզի «տունն ազատի չարքերէն»։ Ապա նորապսակները, երիտասարդները, երեխաները, նաեւ՝ հիւանդները՝ ապաքինուելու, ամուլ կանայք՝ մայրանալու յոյսով։ Եթէ յանկարծ կրակը փէշը կամ մազը այրեր, ցատկողն այդ տարի զերծ կը մնար օձի կամ կարիճի խայթոցից։
Կրակի մոխիրը ջրի մէջ կը լուծեին եւ հիւանդներին կը խմեցնեին, նաեւ ծննդկաններին, որ հեշտ ազատուեն։ Երեխաների վզին ու դէմքին կը քսէին, որ «լուսնի նորէն» չազդուեն, ձյան հետ խառնելով կ՚ուտէին, որ դողէրոցքով չհիւանդանան, աչքերը կը ներկէին՝ աչացաւ չունենալու համար։
Մոխիրը երդիկէն ներս կը նետէին՝ «կատուն ներս, մուկը դուրս» ասելով։ Շատ անգամ մոխիրը եւ խանձողները կը պահէին, ապա ամեն անգամ հաց թխելիս, քիչ մը այդ մոխիրէն կը նետէին թոնրի մէջ, այն կը խառնէին սերմացու ցորենին, գարնանը շաղ կը տային արտերում։
Տրնդեզի խարոյկէն կրակ կը վերցնէին եւ տան շուրջը կը պտտցնէին։ Տրնդեզի կրակով խանձուած փայտերով ու մոխիրով դուրս կը հրաւիրէին ձմռան ոգիներուն՝ ամանորին եկած շվոտներին ու խոնջոլեզներին, այդ նպատակով խարոյկի կրակով վառուած մեղրամոմ կը կաթեցնէին մանկանց հագուստների մէջ։
Խանձողները տուն կը տանէին եւ դրանցով կը նորոգէին տան ճրագը, օջախի կրակը, դրանք կը նետէին գոմն ու հաւաբունը՝ տան կենդանիներին չար ներգործութիւնէ պաշտպանելու համար։ Դրանցով երդիկին ու դրան շրջանակին խաչ կը ներկէին։
Տրնդեզի կրակն ու ծուխը բախտագուշակ էին։ Քամին ծուխը որ կողմ տարաւ, այդտեղ էլ պէտք էր սպասել ամենառատ բերքը։ Թէ իսկ թէ կրակը չամուսնացած աղջկայ փէշը վառէր, ուրեմն այդ տարի նա անպայման կամուսնանար։ Մարած կրակի մոխիրը տղաքը օդ կը թռցնէին եւ ըստ մոխրի ուղղութեան կը գուշակէին իրենց ապագայ կնոջ տունը։
Տրնդեզի կրակը կը վերացներ այլեւայլ արգելքներ։ Զորօրինակ՝ նորափեսաների՝ աներոջ տուն այցելելու արգելքը․սա «խզեսցուք զկապանս» կը կոչուէր։ Նաեւ նոր ծննդաբերած, բայց քառասունքը դեռեւս չլրացած մայրերը Տրնդեզին կարող էին թռչել կրակի վրայով եւ ազատուել քառասունքի փորձութիւններէն ու չարիքներէն։ Իսկ ահա Տրնդեզին ծնուած մանուկները «կրակոտ» էին՝ «լուս խաթուն» եւ «լուս պարոն» կը կոչէին նրանց։
agos.com.tr/am/hvotvadzi/21995/dirintyezi-gragi





