ՀԱԿԱԴԱՐՁԵԼՈՎ ԱԼԻԵՒԻՆ՝ ԴԱՒԻԹ ԲԱԲԱՅԵԱՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ. Ահաբեկիչ Երկիրը Յստակօրէն Կը Յայտարարէ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀԱԿԱԴԱՐՁԵԼՈՎ ԱԼԻԵՒԻՆ՝ ԴԱՒԻԹ ԲԱԲԱՅԵԱՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ. Ահաբեկիչ Երկիրը Յստակօրէն Կը Յայտարարէ, Թէ Իր Բուն Նպատակը Հայոց Պետականութեան Կործանումն Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ահաբեկիչ երկիրը բացէիբաց յայտարարում է՝ ինչ է իր բուն նպատակը: Ադրբեջանի բուն նպատակը չի փոխուել, դա հայոց պետականութեան՝ ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումն է: Սրա մասին Ադրբեջանը միշտ խօսում է, աւելին՝ մեղադրում է հայկական կողմին բանակցային գործընթացը տապալելու մէջ: Սակայն իր այդ յայտարարութիւններով հէնց ինքն է խոչընդոտում բանակցային գործընթացին: Բայց Ադրբեջանն այսպիսին է, մենք միշտ պէտք է հասկանանք ու չմոռանանք, թէ ում հետ գործ ունենք: Չպէտք է ակնկալել Ադրբեջանից դիրքորոշման փոփոխութիւն կամ ակնկալել, որ նա ինչ-որ կառուցողական քայլեր է կատարելու. հնարաւոր չէ», 13 Փետրուարին յայտարարեց Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նոր յայտարարութեան:

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական «Ռիլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ Արցախի հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Ալիեւը պնդած էր, որ Պաքու երբեք պիտի չհաշտուի «իր հողերու բռնագրաւման հետ», անմիջապէս աւելցնելով, որ այժմ աշխարհի մէջ կ՛իշխէ ուժի գործօնը՝ «ով զօրաւոր է, ան իրաւացի կը դառնայ»:

«Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի անբաժան մասն է», կրկնած էր Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Ատրպէյճան այսօր առաւելութիւն ունի թէ՛ բանակցային սեղանին վրայ եւ թէ մարտի դաշտին վրայ»։

Ըստ Ալիեւի՝ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները սկզբնական փուլին հանդէս կու գային հակասական յայտարարութիւններով. «օրինակ՝ կ՛ըսէին, որ Ատրպէյճան պէտք է բանակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Սակայն հայկական կողմին այդ դիրքորոշումը հաւանութիւն չստացաւ ոչ Ատրպէյճանէն, ոչ ալ ԵԱՀԿ Մինկսի խմբակի համանախագահներէն: Այսօր բանակցութիւնները կ՛ընթանան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ»:

Horizon Weekly Newspaper

«Ադրբեջանը բազմազգ երկիր է եւ անելու է ամէն ինչ, որպէսզի չճանաչի Արցախը: Ուշ թէ շուտ ճանաչելու է, բայց ամէն ինչ անելու է, որպէսզի դա յետաձգուի, որովհետեւ բազմազգ է: Եթէ Արցախը ճանաչի, այլ ազգեր նոյնպէս կարող են անկախութեան ձգտման իրենց քայլերը գործնական դարձնել: Ադրբեջանի համար նոյնիսկ շատ աւելի վտանգաւոր է Արցախի ինքնավարութիւնը ճանաչել, քան անկախութիւնը», ըսաւ Բաբայեան՝ աւելցնելով. «Ի հարկէ, մեզ համար անընդունելի է ինքնավարութեան ճանաչումը, բայց այդ ինքնավարութիւնն աւելի վտանգաւոր է Ադրբեջանի համար, որովհետեւ այլ ժողովուրդներ նոյնպէս ինքնավարութիւն կ՛ուզեն, ինչը կը նշանակի, որ Ադրբեջանն իրօք արհեստական է, իսկ փոքրամասնութիւններին ներկայացնում են որպէս ադրբեջանցի»:

Ան նշեց, որ Պաքուի համար կայ երկու տարբերակ՝ փորձել ոչնչացնել հայկական  պետականութիւնը կամ պարզապէս լռել: «Որպէսզի Ադրբեջանը չկարողանայ կործանել մեր պետականութիւնը, դրա բանաձեւը պարզ է՝ միշտ պէտք է ունենանք ուժեղ բանակ, ներհայկական միասնականութեան բարձր մակարդակ եւ միշտ պէտք է վարենք ճիշդ արտաքին քաղաքականութիւն՝ խորացնելով, ամրապնդելով մեր աւանդական բարեկամների ընկերների դաշնակիցների հետ կապերը, ինչպէս նաեւ զարգացնելով մեր յարաբերութիւններն այլ երկրների հետ: Սա է բանաձեւը՝ ինչպէս անել, որպէսզի Ադրբեջանի երազանքներն այդպէս էլ մնան երազանքներ», շեշտեց ան:

Միեւնոյն ժամանակ Բաբայեան ընդգծեց, որ Արցախի հիմնահարցին հետ կապուած կարեւորագոյն գաղափարները պահպանուած են, անկախ իշխանափոխութենէն։

«Կառավարութեան, Ազգային ժողովի եւ այլ փոփոխութիւնները ժողովրդավարական գործընթացներ են, որոնք կան ու պիտի լինեն թէ՛ Արցախում, թէ՛ Հայաստանում, բայց կան գաղափարներ, որոնք անփոփոխ են, եւ որոնց փոփոխութիւնը եւ ոչ ճիշդ ձեւով փոփոխութիւնը կարող է լինել ճակատագրական: Այդ խնդիրների շարքին է դասւում նաեւ Արցախի հիմնախնդիրը: Այս առումով մենք չենք տեսնում որեւէ վտանգաւոր փոփոխութիւն: Պաշտօնական Երեւանը շարունակում է համարել Արցախը, Արցախեան հիմնախնդիրը որպէս հայոց պետականութեան համար կարեւորագոյն հարց, կողմնակից է խաղաղ կարգաւորման եւ անպայման Արցախի մասնակցութեանը բանակցային գործընթացին լիիրաւ ձեւով: Հետեւաբար, կան գաղափարներ, որոնք պէտք է լինեն անփոփոխ, բարեբախտաբար, Արցախի հիմնախնդրի հարցով որեւէ լուրջ բացասական զարգացում չկայ, լինի դա Արցախում, թէ Հայաստանում», եզրափակեց ան:

horizonweekly.ca/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail