Արցախցի Մարզիկները Ուշուի Միջազգային Առաջնութենէն Ոսկէ Մետալներով Վերադարձած են

15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ արցախցի մարզիկները, Փետրուար 8-11, մասնակցած են Թիֆլիսի մէջ կայացած ուշուի միջազգային առաջնութեան եւ գրաւած մրցանակային տեղեր: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է ԱՀ ուշու քունկ ֆուի դաշնային գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Գրիգորեան:

Ան նշած է, որ Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսիոյ Դաշնութենէն եւ Թուրքիայէն առաջնութեան մասնակցած է շուրջ 200 մարզիկ:

Դ. Գրիգորեանի խօսքով՝ Արցախէն մասնակցած է 12 մարզիկ, որոնց 6-ը նուաճած է ոսկէ մետալ, 3-ը՝ արծաթէ, իսկ 2 մարզիկ՝ պրոնզէ:

«Մեր մարզիկները երկու տարի անընդմէջ, Մոսկուայի մէջ, մասնակցած են ուշուի միջազգային մրցաշարերու եւ զբաղցուցած պատուաւոր տեղեր: Իբրեւ այս տարուան առաջին մրցաշար՝ արդիւնքները բաւարար են»,- ըսած է մարզիչը:

Ան նաեւ նշած է, որ առաջիկային Ստեփանակերտի մէջ պիտի կազմակերպեն մրցաշար՝ նուիրուած Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան 60-ամեակին:

yerakouyn.com/2019/02/15/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail