
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐ – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Զինուած ուժերու սպառազինութիւնը համալրուեցաւ հայրենական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերու նոր խմբաքանակով:
Այս օրերուն արդէն սկսած է առաջնագիծի զօրամասերու համալրումը հայրենական արտադրութեան կատարելագործուած ԱՐՄԻ-55մ անօդաչու թռչող սարքերով:
Արդիականացուած թռչող սարքը ունի թռիչքային եւ հետախուզական լայն հնարաւորութիւններ: Սարքին մէջ գտնուող համակարգերը կառուցուած են տարրերու նորագոյն հնարաւորութեանց հիման վրայ եւ կը ներառեն՝ ցածրաղմուկ շարժիչ, GPS ընդունիչներ, հեռաչափման տուեալներու մշակման համակարգ, իրական ժամանակի աշխարհագրական-տեղեկատուական համակարգ, դէպի նպատակ սլանալու կողմնորոշիչ: Անօդաչու սարքը կրնայ հանդերձաւորուիլ հայրենական արտադրութեան որակեալ ջերմացուցիչով: Անոր արագութիւնը ժամական 100-130 քիլոմեթր է, իսկ թռիչքի առաւելագոյն տեւողութիւնը՝ մինչեւ 4 ժամ: Այսինքն՝ մէկ թռիչքի համար անօդաչու սարքը կրնայ կտրել 400-500 քիլոմեթր տարածք: Թռիչքը կրնայ կառավարուիլ նաեւ ինքնագործ դրութեամբ՝ ըստ նշանակէտերու: Անհրաժեշտութեան պարագային հետախուզութիւնը կարելի է կատարել նաեւ հակառակորդի տարածքի խորքը՝ 150-200 քիլոմեթրի վրայ:
asbarez.com/arm/337881/





