Պաքու Բողոք Կը Ներկայացնէ Արցախը Անջատ Հանրապետութիւն Նկատած «Maps.Me» Կայքին

16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՊԱՔՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ:

ՊԱՔՈՒ.- 15 Փետրուարին, ատրպէյճանական «Az.baku.ws» կայքը հաղորդեց, թէ Ատրպէյճան բողոքագիր մը յղած է քարտէսներու նուիրուած համացանցային «Maps.Me» կայքի տնօրէնութեան, որովհետեւ անոր ծրագիրներուն մէջ Արցախը ներկայացուած է իբրեւ առանձին հանրապետութիւն:

Պաքու բողոքագիրին մէջ կը պնդէ, թէ քարտէսին մէջ Արցախը իբրեւ անջատ հանրապետութիւն ներկայացնելով՝ ընկերութիւնը կը «խախտէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», պահանջելով, որ այս «սխալը» անյապաղ սրբագրուի։

asbarez.com/arm/337878/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail