Ս. Սարգիս. Քրիստոնէական Հաւատքի Համար Նահատակուած Եւ Սրբադասուած Մեծ Վկայ

16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այսօր Ս. Սարգիսի, իր որդւոյն` Մարտիրոսի եւ տասնչորս զինուորներու տօնն է: Կասկածէ վեր է, որ արագահաս եւ խնդրակատար այս սուրբը նահատակութեան եւ քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներու եւ ուսուցումներու կենդանի օրինակ դարձած է դարեր շարունակ: Իր յիշատակութիւնը այսօր անգամ մը եւս կ՛արթնցնէ հաւատքի խայծը` իւրաքանչիւր քրիստոնեայի վերյիշեցնելու Աստուծոյ կամքին հաւատարիմ մնալու անխախտ իրողութիւնը: Քաջ եւ միաժամանակ հաւատացեալ զօրավարի մը սրբացումը ինքնին կը վկայէ սուրբի կեանքին մէջ աղօթքի կարեւորութիւնն ու Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը:

Վարք Ս. Սարգիս Զօրավարի

Ս. Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար` օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով: Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է:

Ս. Սարգիս ծագումով յոյն է եւ ապրած է 4-րդ դարուն: Ծնած է Գամիրքի Մաժաք քաղաքին մէջ, մօտաւորապէս 330 թուականին եւ, ըստ յայսմաւուրքի, նահատակուած է 31 յունուար 363-ին: Արիութեան համար Ս. Սարգիսը Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր (285-337) կողմէ կարգուեցաւ իշխան եւ սպարապետ` Հայաստանին սահմանակից Կապադովկիոյ: Ան խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր (361-363) հալածանքներէն` իր տղուն` Մարտիրոսին հետ ապաստանած է Հայաստան Հայոց Արշակ Բ. արքային մօտ, ապա վերջինիս խորհուրդով անցած է Պարսկաստան եւ կարգուած` Շապուհ Բ.-ի զօրահրամանատար:

Ս. Սարգիս բազմաթիւ անասուններ մորթել կու տար եւ առատօրէն կը բաժնէր աղքատներուն: Իր արարքով ան կը փորձէր օրինակ ծառայել իրեն ենթակայ զինուորներուն, որոնք կուռքերուն զոհ կը մատուցէին` փոխանակ աղքատներուն ողորմութիւն տալու: Ան կը կործանէր հեթանոսական մեհեաններն ու փոխարէնը Աստուծոյ տաճարներ կը կառուցէր, իր զինուորներուն կը քարոզէր Աւետարանի ճշմարտութիւնը: Զօրականներէն շատեր տեսնելով փայլուն զօրավարի բարեպաշտութիւնն ու վարքով վկայուած նուիրումը առ Աստուած եւ անոր աղօթքներով Տիրոջ գործած հրաշքները,  կը հրաժարէին հեթանոսութենէ եւ քրիստոնեայ կը դառնային:

Իմանալով, որ Սարգիսը քրիստոնեայ է, Շապուհը կը պահանջէ, որ ան երկրպագէ կրակին, սակայն Սարգիս կը մերժէ եւ կ՛ըսէ. «Երկրպագելի է մէկ Աստուած` Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որ ստեղծած է երկինքն  ու երկիրը: Իսկ կրակը կամ կուռքերը ի բնէ աստուածներ չեն,  հողեղէն մարդը զանոնք կրնայ փճացնել»: Այդ խօսքերէն ետք Ս. Սարգիս կը կործանէ բագինը:

Զայրացած ամբոխը կը յարձակի Ս. Սարգիսին եւ անոր որդիին` Մարտիրոսին վրայ: Նահատակութեան առաջին պսակը կ՛ընդունի իր որդին` Մարտիրոսը: Սարգիսը կը ձերբակալուի ու  կը բանտարկուի պարսկական զինուորներու մէջ  քրիստոնէութիւնը տարածելու մեղադրանքով եւ հաստատ մնալով իր հաւատքին վրայ` կը գլխատուի: Կը սպաննուին նաեւ անոր հաւատարիմ 14 զինուորները: Նահատակուելէն ետք Սարգիսի մարմինին վրայ լոյս կը ծագի:

Սուրբ Սարգիս նահատակուելէ առաջ այսպէս աղօթած է. «Ո՜վ Տէր, Քրիստոս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը ուխտով եւ պատարագով, ինչ որ ուզեն Քեզմէ, լսէ զանոնք եւ շնորհէ անոնց խնդրանքը»:

Ուշիի Ս. Սարգիս եկեղեցին

Հաւատացեալներ անոր դիակը կ՛առեւանգեն եւ կը տանին Ասորիք: Մեսրոպ Մաշտոց Ս. Սարգիսի մասունքները բերել կու տայ Հայաստան, կ՛ամփոփԷ Կարբի աւանին մէջ ու Դագա դաշտին եւ Ուշի գիւղին մէջ կը հիմնէ Ս. Սարգիս անուամբ երկու եկեղեցի: Այսպէս, Սարգիս Զօրավարը կը սրբացուի Հայ եկեղեցւոյ կողմէ` իբրեւ քրիստոնէութեան համար մարտնչող նահատակ: Հետագայ դարերուն Ս. Սարգիսի անունով եկեղեցիներ կը հիմնուին Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ, անոր պաշտամունքը մեծ տարածում կը ստանայ հայոց մէջ: Ս. Սարգիսի տօնին համանուն եկեղեցիներու մէջ ս. պատարագ կը մատուցուի եւ մատաղօրհնէք կը կատարուի:

Ս. Սարգիսի տօնը շարժական է եւ այս տարի պիտի նշուի 16 փետրուարին:

Ս. Սարգիսի տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած Առաջաւորաց պահքը: Պահքը կը տեւէ հինգ օր:

Ս. Սարգիսը` Սիրահարներու Տօն

Ժողովրդական աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Սարգիս կը սիրահարի յոյն թագաւորին աղջկան եւ կը փախցնէ զայն: Հետապնդողներէն ազատելու համար ան զօրաւոր բուք կը բարձրացնէ, եւ շատեր խեղդամահ կ՛ըլլան: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տարի տօնի օրերուն բուք կը բարձրանայ: Այս զրոյցին պատճառով ալ սիրահարածները Ս. Սարգիսը ընտրած են որպէս իրենց բարեխօսը: Ան միշտ կ՛օգնէ իրեն դիմող սիրահարներուն: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն, որպէսզի սուրբը իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասցնէ:

Ս. Սարգիսի Տօնին Առնչուող Ժողովրդային Աւանդութիւններ

Ս. Սարգիսին մասին կան բազմաթիւ աւանդապա-տումներ եւ ժողովրդական սովորութիւններ:

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ կը նշուի ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլ նաեւ` ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք մեզի համար նուիրական աւանդութիւններ են: Ս. Սարգիս Զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան:

Հայաստանի մէջ Ս. Սարգիս Զօրավարին տօնը հռչակուած է երիտասարդներու օրհնութեան օր: Ս. Սարգիս Զօրավարը ամէնէն սիրուած սուրբերէն մէկն է: Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ  ս. պատարագի աւարտին կը կատարուի զինուորներու եւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ, քանի որ տօնը նուիրուած է զինուորականին, եւ զինուորներու պարգեւատրում կը կատարուի:

Հայերուն մէջ տարածուած սովորութիւն էր` երբ Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդները աղի կրկնեփուկ կ՛ուտեն, որուն հետ անոնք կը կապեն իրենց փեսացուին կամ հարսնցուին երազայայտնութիւնը: Այդ օրուան յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինձով (խարկուած ալիւրով, իւղով ու մեղրով ուտելիք) մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս Զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի եւ ամաններու մէջ լեցուած ալիւրին վրայ իբր թէ պիտի դրոշմէ իր ձիուն սմբակին կամ պայտին հետքը, որ կը համարուի բարիքի, երջանկութեան խորհրդանշան եւ այդ տարի կ՛իրականանայ երիտասարդին երազը:

Ս. Սարգիսի Մասին Աւանդապատում

Ս. Սարգիսը սիրոյ երազանքը իրականացնող սուրբ է: Ս. Սարգիսի մասին կան բազմաթիւ աւանդապատումներ, ահաւասիկ` անոնցմէ մէկը. աղքատ Աշուղ Ղարիպը կը սիրէ մեծահարուստի մը` Շահ-Սանամէին աղջիկը: Վերջինս եւս կը սիրէ զայն, բայց աշուղը աղքատ էր, եւ աղջկան հայրը կ՛արգիլէ անոնց ամուսնանալ, որովհետեւ մտադրած էր աղջիկը կնութեան տալ մեծահարուստի մը: Աշուղ Ղարիպը կ՛որոշէ հարստութիւն կուտակելու համար երթալ օտարութեան` աշխատելու: Սակայն մինչ այդ Աշուղ Ղարիպը իր սիրածէն խոստում կ՛առնէ` եօթը տարի սպասել իրեն այն պայմանով, որ եթէ մէկ օր անգամ ուշանայ, աղջիկը հօր ցանկութեամբ թող ամուսնանայ: Այդ եօթը տարիները շատ դժուար կ՛անցնին Աշուղ Ղարիպին համար: Ան զրկուած էր իր գեղեցկուհին տեսնելու հնարաւորութենէն, որեւէ լուր չունէր անոր մասին, սակայն չէր յուսահատած, այլ կարօտով կը սպասէր հանդիպումի այն օրը, երբ ընտանիք պիտի կազմեն եւ ամբողջ կեանքը ապրին միասին: Եօթը տարի շարունակ գիշեր ու զօր աշխատելով` Աշուղ Ղարիպը կարելիութիւն ստեղծեց եւ տուն դարձի ճամբան բռնեց: Ճանապարհը լեցուն էր փորձանքներով ու խոչընդոտներով: Կը թուէր, որ Աշուղ Ղարիպը յուսահատած` պիտի չհասնի իր սիրած էակին: Այդ բոլորէն դրդուած` ան ազնիւ սրտով եւ արդար միտքով կ՛աղօթէ Ս. Սարգիսին` հայցելով արագահաս սուրբին օգնութիւնը: Ս. Սարգիսը, լսելով սիրահարած աշուղին աղօթքը, իր արագահաս ճերմակ նժոյգով բարձրացուցած մրրիկի մէջ իսկոյն կը յայտնուի, Աշուղ Ղարիպը կը նստեցնէ ձիու քամակին եւ մէկ ակնթարթի մէջ կը հասցնէ Շահ-Սանամէի մօտ: Աղջկան հայրը տեսնելով Աշուղ Ղարիպի կամքն ու կատարուած հրաշքը, անոնց անկեղծ սէրն ու նուիրուածութիւնը` կ՛օրհնէ երկուքին միութիւնը:

Ս. Սարգիսին Նուիրուած Շարական

Սուրբ Սարգիսին նուիրուած յատուկ շարական ալ կայ Շարակնոցին մէջ: Հոս կը ներկայացնենք այդ շարականին առաջին երեք տուները.

«Ամենասուրբ երրորդութեանն ընտրեալ ծառայ եւ հաւատարիմ. Յաղթող սպառազէն եւ քաջ նահատակ. Երագահաս սուրբդ Սարգիս շնորհաց օթեւան. Բարեխօս լեր առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց:

«Թագաւորին երկնաւորի սուրբ զօրապետ եւ մենամարտիկ. Սիրով անմահին խաչեալ յաշխարհի. Երագահաս Սուրբդ Սարգիս խաչիւ պսակեալ. Բարեխօս լեր առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց:

«Արեգականն արդարութեան մեծ կարապետ պայծառ արուսեակ, ցոլացեալ յարեւմտից ի յելս արեւու, երագահաս Սուրբդ Սարգիս անշէջ ճառագայթ. Բարեխօս լեր առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց»:

(Ամենասուրբ Երրորդութեան ընտրեալ եւ հաւատարիմ ծառայ, սպառազէն յաղթող եւ քաջ նահատակ, շնորհներու օթեւան, արագահաս Սուրբ Սարգիս. բարեխօ՛ս եղիր մեզի համար Քրիստոսի մօտ:

Երկնաւոր Թագաւորին սուրբ զօրապետ եւ մարտիկ, աշխարհի մէջ Անմահին սիրով խաչուած, խաչով պսակուած արագահաս Սուրբ Սարգիս. բարեխօ՛ս եղիր մեզի համար Քրիստոսի մօտ:

Արդարութեան արեգակի մեծ կարապետ, պայծառ արուսեակ, արեւմուտքէն արեւելք ցոլացած անշէջ ճառագայթ, արագահաս Սուրբ Սարգիս. բարեխօ՛ս եղիր մեզի համար Քրիստոսի մօտ):

Ս. Սարգիսի Գաթայ

Մուսա Լերան աւանդական խոհանոցին մէջ մինչեւ օրս պահուած է «գումպա» անունով ծիսական հաց-քաղցրեղէնի պատրաստութիւնը: Երեկոյեան խմորը կը շաղեն եւ անիկա ամբողջ գիշերը կ՛եփի թոնիրի տաքութեամբ:

«Գումպա»-ն կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով: Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւ որ ելլէ  դրամը, ան կը նկատուի տարուան բախտաւորը:

Ս. Սարգիսի Կերպարը Հայ Միջնադարեան Արուեստին Մէջ

Հայ արուեստի գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ Ս. Սարգիսի կերպարին: Աղթամարի տաճարի հիւսիսային պատի քանդակներուն մէջ կարելի է տեսնել ձիու վրայ նստած Ս. Սարգիսը: Այստեղ զօրավարը ներկայացուած է առանց որդիին, ան կը նիզակահարէ գազան մը: Քանդակային արուեստի հիանալի նմուշ է Հաւուց Թառի 13-րդ դարու խաչքարերէն մէկը, որուն վրայ կ՛երեւի Ս. Սարգիսի պատկերաքանդակը:

Ս. Սարգիսի պատկերման այլ օրինակներու կը հանդիպինք մանրանկարչութեան մէջ: Մատենադարանի մէկ ձեռագիրին մէջ նկարազարդուած է Ս. Սարգիսը իր որդիին` Մարտիրոսին հետ պատկերուած, Սարգիսի ձեռքին կայ վեր բարձրացած նիզակ, գազանի սպանութիւնը կը բացակայի:

aztagdaily.com/archives/427298

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail