Նախարար Մնացականեանի Հանդիպումները` Միւնիխի Մէջ Մնացականեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 –

Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային ու միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ:

Մնացականեան եւ Լաւրով անդրադարձ կատարած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

Մնացականեան ԵԱՀԿ-ի Նախագահին Ներկայացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Գծով Հայկական Կողմի Մօտեցումները

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրին մէջ 17 փետրուարին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Սլովաքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-սլովաքական օրակարգին առնչուող շարք մը հարցեր: Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են միացեալ ջանքերով ընդլայնել երկկողմանի համագործակցութիւնը:

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան` Զոհրապ Մնացականեան եւ Միրոսլաւ Լայչաք կարեւոր նկատած են Հայաստանի Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները կարգաւորող կարեւոր հենք:

Կողմերը անդրադարձած են միջազգային հարթակներու մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցերուն: Այս պարունակին մէջ քննարկում ծաւալած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Սլովաքիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն իրագործման շուրջ:

Նախարար Մնացականեան Միրոսլաւ Լայչաքին ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման հարցին մէջ հայկական կողմի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը:

Հայաստանը Սուրիոյ Մէջ Մտադիր Է Շարունակել Իր Ներդրումը Մարդասիրական Առաքելութեան Մէջ

Միւս կողմէ, 16 փետրուարին Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներուն մէջ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Բարձր գնահատելով արաբական աշխարհին հետ Հայաստանի աւանդական ջերմ բարեկամական կապերը` նախարար Մնացականեան ընդհանուր քարտուղար Ապուլ Ղէյթ քննարկեցին Հայաստանի եւ Արաբական լիկայի միջեւ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեան ձեռնարկուելիք քայլերը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Սուրիոյ մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին եւ անոր բարելաւման ուղղուած հաւանական քայլերուն շուրջ: Այս առնչութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ մարդասիրական իրավիճակը Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս հայ համայնքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները մշտապէս եղած են Հայաստանի ուշադրութեան կեդրոնը, եւ Հայաստանը մտադիր է շարունակել իր ներդրումը մարդասիրական առաքելութեան մէջ:

Զոհրապ Մնացականեան եւ Ահմետ Ապուլ Ղէյթ անդրադարձ կատարեցին միջազգային եւ շրջանային շարք մը հրատապ խնդիրներու:

aztagdaily.com/archives/427516

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail