19 հոկտեմբեր 2015
Եգիպտահայութեան նախաձեռնութեամբ, 16 Հոկտեմբերին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ վերաբացումը Մուսա Լերան հերոսամարտէն ազատած եւ 1915-1919 թուականներուն Եգիպտոս (Փոր Սայիտ) ապաստանած գաղթականներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին:
Նախաձեռնութեան ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդ հայրերը, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Եգիպտոսի տարբեր շրջաններէ հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ:
Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն տողանցքով. անկէ ետք խօսք առին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ արք. Մնացականեանն ու Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեանը, որոնք նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Եգիպտոսին եւ դրուատեցին հայոց նկատմամբ անոր ցուցաբերած մարդկային վերաբերումը` 1915-ի արհաւիրքով լի օրերուն: Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առին եգիպտացի ժողովուրդին հիւրընկալութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Եգիպտոս հասած հայերուն: Այս առիթով Այնճարի քաղաքապետը յուշանուէր մը յանձնեց թեմի առաջնորդարանին:
Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար, նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտէն ետք Եգիպտոս եկած եւ հոն մահացածներուն յիշատակին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու եւ ծաղիկներու զետեղում` նորաբաց յուշարձանին առջեւ:
http://www.yerakouyn.com/?p=91549