19 հոկտեմբեր 2015
Հայոց բանակի դիպւկահարներ կը մարզուին
Արդէն հինգ տարի է՝ Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերու կազմին մէջ կը գործէ յատուկ նշանակութեան զօրամաս՝ դիպուկահար-արձակազէններու պատրաստութեան դպրոցը։ Այս տարիներուն զօրամասին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներու համար պատրաստուած են քանի մը հարիւր բարձրակարգ մասնագէտներ։ Այս մասին կը գրէ Ռազմինֆօ կայքէջը:
Յատուկ դպրոցին մէջ պատրաստութենէ անցած արձակազէններու բարձր մարտական պատրաստութեան ամէնէն վառ օրինակը թերեւս այն փաստն է, որ անոնցմէ ոեւէ մէկը չէ յայտնաբերուած թշնամիին կողմէ։ Փոխարէնը գրեթէ բոլորն ալ մասնակցած են առաջին գիծին վրայ մարտական խնդիրներու կատարման, խոցած հակառակորդի թիրախները, որոնց շարքին նաեւ թշնամիի դիպուկահար զինուորները։
Զօրամասի հրամանատարի տեղակալը կը նշէ, թէ իրենց մօտ զինուորները պատրաստութեան տարբեր աստիճաններ կ՚անցնեն։ «Կան զերոյէն մասնագիտութիւնը սորվողներ, կան նաեւ արդէն իսկ որոշակի հմտութիւններ ունեցող մասնագէտներ, եւ տակաւին պէտք է տիրապետեն աւելի մեծ տրամաչափի զէնքերուն։ Կը կատարուի նախնական խիստ ընտրութիւն։ Կը պատահի, որ թեկնածուները տարբեր պատճառներով չեն համապատասխաներ սահմանուած չափանիշերուն։ Անոնք անմիջապէս կ՚ուղարկուին այլ վայրեր՝ այլ բնոյթի ծառայութիւն մատուցելու համար», կը նշէ սպան։
Ուսման սկզբնական շրջանը մեղմ է։ Ապագայ դիպուկահարները կը ծանօթանան զէնքերու կառուցուածքին, անոնց կիրարկման կարգին, նշանակութեան։ Ապա կը սկսի վարժութիւններու ծանր շրջանը։ Ֆիզիքական պատրաստութեան մարզանքներ, կրակային բարդագոյն խնդիրներ եւ այլն։ Բոլորը գերազանց կատարելէ ետք միայն զինուրին կը տրուի դիպուկահարի «կոչում»։
Ռազմինֆոյի ուսումնասիրութեանց իբրեւ արդիւնք 2015-ին յայտնի դարձած է ազրպէյճանական բանակի 2 դիպուկահարներու մահուան պարագան, որոնք սպաննուած են հայկական կողմի հետ դիպուկահարային մենամարտի պատճառով։ Նշուած 2 կորուստները Ազրպէյճան փորձած է ներկայացնել այլ կերպ: 23 Յունուար 2015-ին, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ «զէնքի հետ անզգոյշ վարուելու իբրեւ արդիւնք արձակուած կրակոցի» հետեւանքով սպաննուած է պայմանագրային զինուոր, 26-ամեայ Պապաշով Նիզամի Շամիլօղլուն։ Պապաշովի մահը իրականութեան մէջ մարտական կորուստ է, որովհետեւ զինք յուղարկաւորած են պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ։ Աւելի ուշ, ընկերային ցանցերուն վրայ յայտնաբերուեցան անոր ծառայողական լուսանկարները, ներառեալ դիպուկահարի հրացաններով։
Իսկ Օգոստոս 2015-ի առաջին կիսուն սահմանագիծի Աղտամի հատուածին մէջ սպաննուած պայմանագրային զինուոր, ենթասպայ Օսմանով Իպրահիմ Իսմայիլօղլուն, որու մահուան մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչեւ օրս չէ յայտնած, ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկաւ, որ եղած է արձակազէնային դասակի հրամանատար։
http://www.horizonweekly.ca