
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ինթըրֆաքս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կացութիւնը բարդ է Ուաշինկթընի քաղաքականութեան պատճառով, «որ կը ձգտի մասնատել Սուրիան եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ կիսապետութիւն հաստատել»:
«Միացեալ Նահանգները իր դաշնակիցներուն կ՛արգիլէ Սուրիոյ ազատագրուած շրջաններուն մէջ ներդրում կատարել», ըսաւ ան:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց Ուաշինկթընը եւ անոր դաշնակիցները Սուրիոյ նկատմամբ ապօրինի քայլեր որդեգրելէ:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ պատասխանելով իր մէկ լրագրողի հարցումին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շան Ռապըրթսըն յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ համագործակցիլ Սուրիոյ քրտական ուժերուն հետ, երկրին մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ պայքարը յաջողութեամբ պսակելու նպատակով:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ կը վերաբերէր Թուրքիոյ այն պահանջին, թէ Ամերիկա պէտք է ետ առնէ Սուրիոյ քրտական ուժերուն իր մատակարարած տարբեր տեսակի զէնքերը՝ ամերիկացի զինուորականը ըսաւ. ««Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» կազմակերպութիւնը փաստած է, որ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ արդիւնաւէտ եւ վստահելի գործընկեր է: Արդէն յայտարարած էինք, որ տրամադրուած զէնքը սահմանափակ է, եւ այնքան է, որքան անհրաժեշտ է «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարը յաղթանակով աւարտելու համար: Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը ազատագրելու գործընթացը աւարտած է, սակայն տակաւին ընելիք շատ գործ կայ»:
Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը նաեւ շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ համագործակցիլ Սուրիոյ քրտական ուժերուն հետ, որպէսզի «Իսլամանական պետութիւն»ը չկարենայ վերադառնալ այն տարածքները, որոնք նախապէս ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ էին:
Նշենք, որ 20 Փետրուարին կարելի եղած էր հարիւրաւոր քաղաքայիններ հեռացնել Սուրիոյ մէջ «Իսլամանական պետութեան» հակակշիռին տակ մնացած վերջին գիւղէն՝ Պաղուզէն, ուր այժմ կը մնան քանի մը հարիւր զինեալներ։
asbarez.com/arm/338132/Լաւրով-Ուաշինկթընը-Կը-Զգուշացնէ-Սուր/





