
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:
Հիլտա Չոպոյեան
Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ տարիներու քաղաքական փորձառութենէս մեկնելով՝ կ’ուզեմ քանի մը հարցում ուղղել «Մեր Հայրենիք»-ը աղբաման նետել փորձողներուն։ Եթէ Հայաստանի մէջ առկայ խորհրդարանական վարչակարգը տարբեր գործընթացով կ’առաջնորդուի, խնդրեմ սրբագրեցէք, բայց ժողովրդավարական երկիրներու մէջ՝ Խորհրդարանը օրէնքներ մշակելու եւ որդեգրելու երկու ձեւ ունի՝ խորհրդարանական նախաձեռնութիւն եւ կառավարական նախաձեռնութիւն։ Երկու պարագաներուն ալ հարցը կը քննարկուի համապատասխան յանձնախումբի բովին մէջ, եւ այդտեղ քուէարկուելէ ետք կը ներկայացուի լիագումար նիստի քուէարկութեան։
Ակնյայտ է, որ Հայաստանի գործադիր իշխանութիւնը ինքզինք հեռու կը պահէ Ազգային օրհներգը փոխելու արկածախնդրութենէն։
Ուրեմն, կը մնայ խորհրդարանական նախաձեռնութիւնը։
Հիմա, Ալեն Սիմոնեանի նախաձեռնութիւնը այս գործընթացի ո՞ր հանգրուանին մաս կը կազմէ։
Եթէ այդ հանգրուանը Ազգ. Ժողովի համապատասխան յանձնախումբին քննութեան նախօրեակն է, հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս կրնայ խոհրդարանի փոխ-նախագահ մը, առանց նախագահին կամ կուսակցական խումբի որոշումին, ազգային խորհրդանիշ փոխելու մրցոյթ յայտարարել։
Եզրակացութիւնը պարզ է՝ անձնական նախաձեռնութիւն է։
Առաւել՝ Պարոն Սիմոնեանի ստեղծած գործընթացը առնուազն հակաժողովրդավարական է քանի մը պատճառներով։
Պարոն Սիմոնեան կը յայտարարէ ՝
«Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեան հիման վրայ հիմնի համար տեքստի մրցոյթին մասնակցելու յայտեր կարող էք ուղարկել նշուած հասցէներով՝…» եւ կ’աւելցնէ “աշխատանքային խմբի” իր նշանակած անդամներու ցանկ մը։
Այսպիսով՝ Պարոն Սիմոնեան Հայաստանի օրհներգը փոխելու որոշումը առանձի՛ն կայացուցած է, Սովետական Միութեան արբանեակ՝ Սովետական Հայաստանի օրհներգի երաժշտութիւնը առանձի՛ն որդեգրած է, (ի դէպ, հետաքրքրական է, որ ռուսերէն «հիմն» բառը ամէն տեղ կը փոխարինէ հայերէն «օրհներգ»ին), եւ առանձի՛ն նշանակած է յանձնախումբի մը անդամները։
Ժողովրդավարութի՞ւն ըսիք։
Յանձնախումբին տրուած պատուէ՞րը։
Ընտրե՞լ նախորոշուած … երաժշտութեան բառերը, դիմատետրի միջոցով տրուած ծանուցումի մը պատասխաններէն ….
Կրկի՞ն ժողովրդավարութիւն։
Հարցում՝ ի՞նչ է յանձնախումբին կարգավիճակը։ Անպաշտօ՞ն, թէ՝ պաշտօնական։ Ըստ երեւոյթին անպաշտօն, այսինքն քուէով որոշելու եւ ընտրութիւն կատարելու չլիազօրուած։
Յանձնախումբի անդամներուն տեսանելի հանգամանքը փորձագիտական կը թուի։ Բայց քաղաքական գործիչ՝ Պարոն Սիմոնեան ի՞նչ գործ ունի փորձագէտներու խումբին մէջ։ Կամ մէ՛կը, կամ
մի՛ւսը։ Կարելի չէ փորձագիտական խումբը խառնել քաղաքականին։
Ի՞նչ պիւտճէով պիտի գործէ յանձնախումբը, եթէ պաշտօնական, Ազգ. Ժողովի քուէարկութեամբ հաստատուած չեն անոր կազմը, գործունէութեան սահմանները եւ ֆինանսաւորումը։
Աւելցնեմ նաեւ, որ գիտակցաբար հարցումներս իրաւական ոլորտին մէջ կը սահմանափակեմ։
Կը մնայ ամենակարեւոր ոլորտին՝ ազգի ոգիին դէմ անընդունելի խաղը, որ կը խախտէ արդէն իսկ փխրուն մեր հաւաքական ինքնութեան գիտակցութիւնը, եւ վերջէն վերականգնուած Սփիւռք-Հայաստան միասնականութիւնը։
yerakouyn.com/2019/02/21/քանի-մը-հարց՝-մեր-հայրենիք-ը-աղբաման/





