
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Հայաստան կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Լեւան Իզորիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Մատենադարան` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական ուսումնարան:
yerakouyn.com/2019/02/21/վրաստանի-պաշտպանութեան-նախարարը-ծիծ/





