«20 Փետրուար 1988-ն Հայոց Ազգային Վերազարթօնքի Բացառիկ Օրինակ Է» Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

Ղարաբաղեան Շարժման 31-ամեակին Առիթով. «20 Փետրուար 1988-ն Հայոց Ազգային Վերազարթօնքի Բացառիկ Օրինակ Է» Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ուղերձ  յղած է ղարաբաղեան շարժման տարեդարձին առիթով: Վարչապետի ուղերձին մէջ ըսուած է, որ 1988-ի այս օրը` 20 փետրուարին, տեղի ունեցաւ իրադարձութիւն մը, որ պատմական էր բոլոր առումներով: Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մարզային խորհուրդը որոշում ընդունեց մտնել Հայաստանի կազմին մէջ: Հայաստանի ժողովուրդը իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց այդ որոշումին: Շուտով Արցախի եւ Հայաստանի իրենց հայրենակիցներուն միացան սփիւռքի մեր քոյրերն ու եղբայրները:

Վարչապետի ուղերձին մէջ ըսուած է. «20 փետրուար 1988-ն հայոց ազգային վերազարթօնքի բացառիկ օրինակ էր, որ ոգեշնչեց միլիոններ: Մենք վերագտանք մեր ազգային միասնութիւնը, միակամութիւնը, վճռականութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ձեւաւորուեցաւ  համաժողովրդական շարժում մը, որ բացառիկ էր իր թափով եւ  անկասելիութեամբ, խորապէս ազգային էր եւ միաժամանակ խորապէս ժողովրդավարական:

Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը եւ  ժողովրդավարական ազատութիւնները դարձան յստակ նպատակակէտ, դէպի անոր գնաց մեր ժողովուրդը` համոզուած ըլլալով, որ ազատութիւնը եւ անկախութիւնը անսակարկելի արժէքներ են»:

Վարչապետը աւելցուցած է, թէ 30 տարի ետք` 2018-ի գարնան մենք իբրեւ  ժողովուրդ, իբրեւ հասարակութիւն եւ իբրեւ պետութիւն, կրկին ապրեցանք նոր` յեղափոխական զարթօնք մը` կրկին ոտքի կանգնելով այն գաղափարներուն համար, որոնք սուղ են իւրաքանչիւրիս համար: Մենք ապացուցեցինք նախ մենք մեզի, ապա աշխարհին, որ արժանապատիւ եւ հայրենասէր քաղաքացիներն ենք մեր երկրին, որ հաւատարիմ ենք մեր պայքարին եւ իտէալներուն, հաւատարիմ ենք Հայաստանի եւ Արցախի բռնած ազատութեան  ճամբուն:

Նախագահ Բակօ Սահակեանի Ուղերձը` Արցախի Վերածնունդի Օրուան Առիթով

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 փետրուարին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի վերածնունդի օրուան առիթով:

Նախագահի ուղերձին մէջ յատկապէս նշուած է.

«20 փետրուար 1988-ն մեր ժողովուրդին համար պատմական օր էր, որ դարձաւ տասնամեակներ շարունակ կուտակուած դժգոհութիւններու եւ բողոքի պոռթկումը, անարդարութեան, ճնշումներու եւ բռնութիւններու դէմ երկար տարիներ խմորուող պայքարի կիզակէտը: Այդպէս շարունակուիլ այլեւս չէր կրնար: Արցախցին դուրս եկաւ հրապարակ` յանուն սեփական իրաւունքներու պաշտպանութեան, յանուն սեփական ճակատագիրը ինքնուրոյն տնօրինելու, յանուն սեփական հողի վրայ ազատ ապրելու եւ հայ մնալու:

Հետագայ զարգացումները ապացուցեցին, որ մեր ընտրած ուղին ճիշդ էր: Պաքուի ու Սումկայիթի հայ բնակչութեան կոտորածները վերջնականապէս ցոյց տուին բռնատիրական Ազրպէյճանի իրական դէմքն ու նպատակները, բացայայտեցին արցախահայութիւնը բնաջնջելու անոր հրէշաւոր ծրագիրները:

Հայ ժողովուրդը միաւորուեցաւ, մէկ մարդու պէս զէնք վերցուց եւ մեզի պարտադրուած պատերազմին պաշտպանեց իր հողն ու պատմութիւնը, իր հաւատքն ու արժանապատւութիւնը` կանխելով երկրորդ Ցեղասպանութիւնը եւ կերտելով փառաւոր յաղթանակներ»:

Նախագահ Սահակեան աւելցուց. «Արցախի վերածնունդը համայն հայութեան ամէնէն նշանակալի յաղթանակներէն է: Ատիկա համազգային կամքի ու ոգիի, ուժի ու միասնականութեան յաղթանակն է, հայրենիքին անսահման նուիրուածութեան եւ սեփական ուժերու հանդէպ հաւատքի յաղթանակը:

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս այս յիշարժան տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու ամենայն բարիք:

Յաւե՜րժ փառք անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին` յանուն մեր ժողովուրդի նուիրական իղձերու եւ նպատակներու, յանուն վեհ գաղափարներու իրականացման»:

aztagdaily.com/archives/427965

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail