Այնճարի պատմութեան ճիշդ այս օրը, 23 Փետրուար 2018 – Կամ Այնճարի պատմութեան չբացայայտուած մութ էջը

Այնճարի պատմութեան ճիշդ այս օրը, 23 Փետրուար 2018
Կամ Այնճարի պատմութեան չբացայայտուած մութ էջը
Ժամանակ։ Փետրուար 23 2018

Վայր։ Քաղաքապետարանի փողոց- Այնճար, Լիբանան

Լիբանանի դատական պատկան Մարմինները կը կնքեն բնակարան մը կարմիր մոմով եւ կը փակցնեն պատին վրայ ծանուցագիր մը «կարգիլուի մտնել այս բնակարանը»
Պատկան մարմինները կառնէն այդպիսի ծայրայեղ որոշում հիմնուելով կեղծ վկայութիւններու վրայ․․․

12 ամիս անց Ինձ եւ իմ ընտանիքի անդամներուն տակաւին չեն տրուած բացատրութիւններ թէ Ով՞, երբ՞ ինչպէս՞ եւ մանաւանդ Ինչու՞ բեմ բարձրացուց այսպիսի զազրելի թատերգութիւն մը, Թատերագիրը, Բեմադրիչը եւ Դերասանները կը մնան լուր․․․

12 ամիս անցնի կամ 12 տարի միեւնոյնն է, եւ այդ ամօթի խառանը որոշ չափով կը վերանայ միայն արդարութիւնը գործադրելով․․․

կ’ուզեմ մի փոքր Ետ երթալ եւ պատմել պատմութիւն մը որը կապուած է մեր ընտանիքին եւ ոստիկանութեան հետ.
Հեռախօսազանք եւ յիշողութիւններ․․․

1958, այս թուականը հաւանաբար ոչինչ կ’ըսէ նոր սերունդին, բան մը որ շատ աւելի լաւ է․․․

Մեր մանկութեան տարիներուն հեքիաթներու զուգընթաց հօրաքոյրս մեծ խանդավառութեամբ կը պատմէր 1958-ի դէպքերուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ կապուած պատմութիւններ որոնց մեծամասնութիւնը ցաւօք արդէն մոռացութեան գիրկն է…

Սակայն կայ պատմութիւն մը որը դրոշմուած է մեր յիշողութեան մէջ եւ մենք եւս կը պատմենք մեր զաւակներուն․

Այսպէս կը պատմէր Հօրաքոյրս;

Օր մը մեծ հայրս եւ հայրս սովորականէն տարբեր եռուզեռի մէջ էին տան մէջ եւ տարօրինակ կարգադրութիւններ կընէին։ Նոյն գիշերն իսկ ոստիկանութիւնը կը խուժէ մեր բնակարան զէնք փնտռելու պատրուակով սակայն ոչինչ կը գտնէ։ Երկու օր ետք այս անգամ առաւօտեան ժամերուն դարձեալ ոստիկանութիւն, փնտռտուք եւ հարց ու փորձ բոլոր տնեցիներուն հետ սակայն դարձեալ ապարդիւն․ մի քանի օր ետք կատարուած երրորդ խուզարկութիւնը կը զայրացնէ բայց նաեւ ծիծաղ կը յառաջացնէ մեծ հօրս մօտ ով ինքնավստահ կըսէ ոստիկանապետին թէ այդքան յոգնելու փոխարէն աւելի լաւ կըլլար, որպէսզի իրենց տեղեկութիւն փոխանցող լրտեսը նախ ինք ստուգեր զէնքերու գոյութիւնը ապա միայն ոստիկաններ ուղարկէր մեր տուն։

Բաւական ժամանակ ետք հայրս մեղուի փեթակներուն մէջէն դուրս կը բերէ տուփեր եւ կապոցներ․․․, նշեմ որ ոստիկանները երեք անգամ խուզարկած էին նաեւ տանիքի այն սենեակը որտեղ կը պահուէին փեթակները։

Յետագային երկար տարիներ մինչ երիտասարդութիւն մենք բախտաւորութիւնը ունեցած ենք ճաշակելու գաղտնապահ մեղուներու մեղրը։

Եւ այսպէս մեր ընտանիքի երկրորդ փորձը ոստիկանութեան հետ արդէն շատ մօտիկ անցեալին էր 2018 թուական եւ կարմիր մոմ․․․

Այսօր մեր զաւակներն ալ մեզ նման հաճոյքով կը լսեն առաջին պատմութիւնը սակայն նոյնը չենք կրնար ըսել երկրորդին պարագային․․․

երկրորդ պատմութիւնը հարուստ է այլազան ճիւղաւորումներով սակայն իրողութիւնը կը մնայ մէկ «Օգտագործում, Ստախօսութիւն, Կեղծիք որոնց արդիւնքով Կարմիր մոմ» բայց աւելի սոսկալին մարդիկ որոնք շահամոլ դիտարկումներով, ոմանք նոյնիսկ ընդհանրապէս շատ մը մանրամասնութիւններէ անտեղեակ բացառիկ կողմնակալութիւն ցուցաբերեցին ոտնակոխելով մարդկային եւ բարոյական արժէքներ։

Չկարծէք թէ այդքան մանկամիտ ենք եւ կսպասենք կամ կակնկալենք այս հարցով պատասխանատու մարդկանց ստանալիք պատիժին, ճիշդ հակառակը, գործընթացի լաւ ծանօթանալէ ետք կ’ակնկալենք այդ “հանճարեղ” մտքի տէր մարդոց պարգեւատրումը…

Այնճարի հիմնադրութեան 80-Ամեակն է այս տարի, արժէ անդրադառնալ նաեւ այս նախադէպը չունեցող երեւոյթին․․․

“Այնճարի 80-Ամեակի յանձնախումբը յուսամ չի մոռանար գիւղի ստեղծման պատմութեան զուգահեռ նաեւ տեղադրէ նկարներ այն դրան զորս կնքուեցաւ կարմիր մոմով, վերջապէս ով՞ կրնայ շողացող աստղին վարագոյր քաշել ․․․”

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail