Ազատագրուած Տարածքները Զիջելու Կոչերը Կ՛արագացնեն Պատերազմը

Արթիւր Եղիազարեան – Արթուր Եղիազարյան

26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

Այսօր` 26 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու 31-ամեակին եւ զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրահաւաք` «Հողեր չունենք տալու» կարգախօսով:

Այս առիթով կայացած ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան նշեց, որ հաւաքը ո՛չ իշխանական է, ո՛չ էլ ընդդիմադիր, այլ ազգային խնդիրներու պարունակին մէջ կարելի է զետեղել զայն: «Կարելի է ըսել, որ ասիկա դէմ է իշխանութեան, եթէ սխալ որոշում կայացնէ, եւ թեր է, եթէ ճիշդ ընթացքով երթայ:

Հոս ամէնէն կարեւոր հանգամանքը այն է, որ շուրջ 20 տարուան ընթացքին արցախեան խնդիրը կը սկսի որոշ չափով փոխուիլ` նկատի ունենալով տեղեկատուութեան նոր հոսքերը, ապատեղեկատուութիւնը: Հողեր տալու-չտալու մասին խօսիլը անհեթեթ է, որովհետեւ նախ եւ առաջ կայ հայրենիք եւ պետութիւն ընկալումը: Արցախի մէջ այսօր չկան ազատագրուած տարածքներ, այլ` Սահմանադրութեամբ ամրագրուած վարչական շրջաններ:

Արցախի Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածը յստակօրէն կ՛ըսէ` ոչ մէկ հարց կարելի է քննարկել, այնքան ատեն որ չէ ճանչցուած Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Տակաւին հոս խօսքը չի վերաբերիր տարածքներուն: Այսօր մենք ունինք դրացի, որ իր բնոյթով ոչ թէ որոշ հարցով հակառակորդ է, այլ մեր թշնամին է: Կը տարածեն խաղաղասիրական կեղծ խօսակցութիւնները, թէ պէտք է հաշտուիլ, իսկ որո՞ւ հետ պիտի հաշտուինք: Ազրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ Հայաստանի ամբողջ տարածքը իբրեւ արեւմտեան Ազրպէյճան ներկայացուած է, տեսանք 2016-ի ապրիլեան պատերազմը, երբ նոյնիսկ զոհուած զինուորը կը գլխատէին, այսինքն` առկայ է յստակ ազգային թշնամութիւն», յայտնեց ան:

Ըստ Եղիազարեանի, խաղաղութեան հոլովոյթ կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ Ազրպէյճանի վարքագիծին մէջ փոփոխութիւն նկատենք, հակառակ պարագային յանձնուած կ՛ըլլանք:

«Արցախեան շարժումը սկսաւ ինքնորոշման իրաւունքէն, երբ Խորհրդային Միութիւն էր: Խորհրդային Միութեան ժամանակ է, որ Արցախ Ազրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուած է, ատիկա 1918-20 թուականներուն չէ եղած, չէ եղած նոյնիսկ Ազրպէյճանի անկախացման մասին յայտարարութենէն ետք: Արցախը 1923-ին բռնակցուած է Ազրպէյճանին: Եւ երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ փուլ գալ, Խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքին մէջ յառաջացաւ երկու միաւորում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` ԼՂԻՄ-ի եւ Շահումեանի շրջանին մէջ, եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը:

Հայերը մինչեւ 1990 թուական կը սպաննուէին, անոնց ինչքը կը թալանուէր եւ կը բռնագրաւուէր, իսկ Հայաստանի տարածքէն ազրպէյճանցիներուն մեծագոյն մասը իր գոյք վաճառելով հեռացած է կամ իրեն հետ տարած է: Ասկէ ետք տեղի ունեցաւ պատերազմ, զոր մենք չենք սկսած, մենք ընդամէնը պահանջած ենք այդ տարածքին մէջ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը», ընդգծած է Եղիազարեան` աւելցնելով, որ հայկական ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ որեւէ քար շրջելով կարելի է տեսնել, թէ հայկականութիւն կ՛արտացոլայ, այսինքն` մենք հող չենք գրաւած:

Ըստ անոր, նաեւ կան անվտանգութեան խնդիր, այսօր ստեղծուած է նոր իրավիճակ, զոր կարելի չէ համեմատել 1990-ականներու սկիզբը եղածին հետ: «Մեր հայրենիքի այդ տարածքները մեր հետագայ կենսագործունէութիւնը պիտի ապահովեն, եւ անոնք, որոնք կոչ կ՛ուղղեն զիջելու այդ տարածքները, կ՛արագացնեն պատերազմը եւ մեր կործանումը: Մեղրիի շրջանը Հայաստանի ամէնէն հարաւային մասն է, եւ եթէ Նախիջեւանի Օրտուպատի շրջանէն չափենք մինչեւ նախկին Զանգելանի շրջանը` այսօր Բերձորի հարաւը, ապա ընդամէնը 30 քմ է:

Այսինքն` երկու կողմէն հրետանային ամէնէն պարզունակ միջոցներ դնելով կարելի է անդամալուծել եւ մեր երկրի կենսագործունէութիւնը թուլցնել: Այդ գօտին այսօր կ՛ապահովէ Հայաստանի անվտանգութիւնը: Կը վստահեցնեմ, որ խաղաղութեան կողմնակից են հիմնականօրէն այն անձերը, որոնք պատերազմի փուլէն անցած եւ այդ ժամանակը ապրած են: Այս կեղծ կարգախօսները մեզ կործանման տանող ճամբաներ են: 1994-էն մեր գոյութիւնը պահպանած են այն սահմանները, որոնք այսօր կան: Ասիկա նուազագոյնն է, որ կարելի է ընել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հետագայ գոյութեան համար», նշած է Արթուր Եղիազարեան:

aztagdaily.com/archives/428677

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail