27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ –:
22 Փետրուար 2019ի յետմիջօրէին, փոքրաթիւ խումբ մը ազերիներներ ցոյց մը կազմակերպեցին Սթոքհոլմի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, այսպէս կոչուած Խոջալուի դէպքին առիթով:
Նախապէս դեսպանութիւնը տեղեակ պահած էր Շուէտի ՀՅԴ Կոմիտէին`ցոյցի մասին։
Խումբ մը ընկերներ եւ ընկերուհիներ վերցուցած` Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, դեսպանատան դիմաց հաւաքուեցան եւ հակադարձեցին ազերիական խմբակին, որոնք կը գտնուէին դիմացի մայթը։
Մեր ընկերը յաջողեցան խափանել ազերիական քարոզչական մեքենան, կուռ ներկայութեամբ, կարգապահ շարքերով:
Անոնք ազգային-յեղափոխական երգերով թնդացուցին շրջակայքը եւ «Մեր Հայրենիք»ի խրոխտ մեկնաբանութեամբ աւարտեցին իրենց հաւաքը:
aztagdaily.com/archives/428901