Ատրպէյճանի Կողմէ Հայկական Յուշարձաններու Ոչնչացումը Կը Գերազանցէ «Իսլամական Պետութեան» Ոճիրները

Harut Sassounian

01 ՄԱՐՏ 2019 –

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Նորարարական Փորձագիտական Զեկոյցը Կ՛ընթանայ Ատրպէյճանի Կողմէ Միջնադարեան 89 Եկեղեցիներու, 5480 Նրբազարդ Խաչքարերու Եւ 22 Հազար 700 Գերեզմանաքարերու Ոչնչացման Հետքերով». ասիկա ենթախորագիրն է Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սառա Փիքմընի յոյժ գնահատելի յօդուածին, որ անցեալ շաբաթ հրապարակուեցաւ Hyperallergic ամսագիրին մէջ: Իսկ յօդուածին վերնագիրն է՝ «Վարչակարգը Կը Թաքցնէ Բնիկ Հայոց Մշակոյթին Աւերումը»:

Ապրիլ 2011ին, երբ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը փափաքեցաւ այցելել Նախիջեւան՝ հայկական տարածք մը, որ խորհրդային իշխանութեան կողմէ կը դասակարգուէր իբրեւ Ատրպէյճանի «ինքնավար հանրապետութիւն»՝ հազարաւոր պատմական միջնադարեան հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը ստուգելու համար, ատրպէյճանցի պաշտօնեաները արգիլեցին անոր այս այցելութիւնը՝ ըսելով, որ այդ կոթողներուն ոչնչացման մասին զեկոյցները սուտ լուրեր են։

Ատրպէյճանական ճնշումներու տակ Նախիջեւանի հնագոյն հայ համայնքը ոչնչացաւ…։

Չբաւարարուելով ցեղային զտումներով, ատրպէյճանցիները նաեւ ջնջեցին հայկական յուշարձաններու բոլոր հետքերը՝ պնդելով, որ Նախիջեւանի մէջ բնաւ հայ չէ ապրած:

Դեկտեմբեր 2005ին, Իրանի սահմանապահ ծառայութենէն Հիւսիսային Իրանի հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդին զգուշացուցին, որ Ատրպէյճանի մէջ Ջուղայի հսկայական գերեզմանատունը, որ տեսանելի է Ատրպէյճանի հետ սահմանէն, ռազմական յարձակման տակ է: Նշան եպս. Թոփուզեան եւ անոր վարորդը շտապեցին՝ տեսագրելու հարիւրէ աւելի ատրպէյճանցի զինուորները, որոնք մեծ մուրճերով սպառազինուած, բեռնատարներով եւ ամբարձիչ կրունկներով կ՛ոչնչացնէին գերեզմանատան մնացած 2000 խաչքարերը, իսկ առաւել քան հազար խաչքարեր արդէն ոչնչացուած էին 1998 եւ 2002 թուականներուն», կը տեղեկացնեն Մաղաքեան եւ Փիքմըն:

Հարթեցուած տարածքը, ուր դարեր շարունակ կանգուն էին հայկական խաչքարերը, այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի: «Աւերումը «մեծ աւարտ»ն էր Նախիջեւանի հայկական անցեալին», կը գրեն երկու հեղինակները:

Մաղաքեան եւ Փիքմըն կը հաղորդեն, որ «Գիտութեան զարգացման ամերիկեան ընկերութիւն»ը (AAAS) օգտագործած է հեռակայ պատճենահանման արհեստագիտութիւն՝ մշակութային ոչնչացման ուսումնասիրութեան մէջ: 2010ին, աշխարհատարածքին մասին անոնց ուսումնասիրութիւնը եզրակացուցած է, որ «արբանեակային տուեալները կը համապատասխանեն տեղւոյն դիտորդներուն կողմէ ներկայացուած զեկոյցներուն, որոնք յայտնած են Ջուղայի գերեզմանատան արուեստի նմուշներու ոչնչացման մասին»:

«Բացարձակ սուտ եւ զրպարտող տեղեկութիւններ… (կեղծուած) հայկական լոպիին կողմէ», յայտարարած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ յաճախ կը սպառնայ Հայաստանին եւ կը խեղաթիւրէ անոր պատմութիւնը:

Հեղինակները նաեւ կը մէջբերեն Նախիջեւանի «տեղական ինքնակալ», նախագահ Ալիեւի ազգական Վասիֆ Թալիպովի 6 Դեկտեմբեր 2005ի թիւ 5-03/S հրամանագիրը, որով ան «հրամայած է իրականացնել Նախիջեւանի յուշարձաններու մանրամասն գոյքագրումը: Երեք տարի անց, Թալիպովի համախմբագրութեամբ հետազօտութիւնը ամփոփուած է «Նախիջեւանի յուշարձաններու հանրագիտարանին մէջ՝ անգլերէնով եւ ատրպէյճաներէնով»: 522 էջնոց «հանրագիտարան»էն կը բացակային միջնադարեան 89 եկեղեցիները, 5440 նրբազարդ խաչքարերը եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերը, զորս (հետազօտող Արգամ) Այվազեան մանրակրկիտ կերպով փաստագրած էր: Շատ քիչ ծանօթագրութիւններ կան ներկայիս՝ այդ շրջանին մէջ գոյութիւն չունեցող հայկական քրիստոնէական համայնքներուն մասին, առաքելական թէ կաթողիկէ: Այսուամենայնիւ, ատրպէյճանական պաշտօնական հրատարակութեան նախաբանին մէջ «հայերը» յստակօրէն կը բացայայտուին իբրեւ թիւ 5-03/S հրամանագիրին պատճառ. «Անկէ ետք, 6 Դեկտեմբեր 2005ին որոշում տրուեցաւ… իւրաքանչիւր յուշարձանի համար անձնագիր տրուեցաւ…։ Հայերը մեզի հանդէպ թշնամանք կը ցուցաբերեն, ոչ միայն անարդարացիօրէն հողային պահանջներ ունենալով Նախիջեւանէն, այլ նաեւ մեր պատմական յուշարձաններէն՝ միջազգային հանրութեան տալով կողմնակալ տեղեկատուութիւն: Կատարուած հետազօտութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Նախիջեւանը կը պատկանի Ատրպէյճանի թուրքերուն…»։

Ոեւէ ատրպէյճանցի, որ կը համարձակի հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն հայերու, նոյնպէս կ՛ենթարկուի յարձակման՝ իբրեւ Ատրպէյճանի թշնամի: Խիզախ ատրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլի շատ սուղ գին վճարեց՝ պատմելով ճշմարտութիւնը իր հայրենի Ագուլիս քաղաքին մէջ (այժմ՝ Այլիս) հայկական յուշարձաններու ոչնչացման մասին: Յայտնի վիպասանը զայրացած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛ոչնչացնէ հայկական եկեղեցիները: Իր «Քարէ Երազներ» վէպին մէջ, գլխաւոր հերոսը Ագուլիսի մտաւորականն է, որ կը յիշատակէ մինչեւ 1990ականներ գոյատեւած միջնադարեան 12 եկեղեցիներէն ութը եւ կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հակահայկական կոտորածներու զոհը: Նախագահ Ալիեւ ջնջեց անոր թոշակը եւ զրկեց զայն «Ժողովրդական գրող» կոչումէն: Անոր գրութիւնները հանուեցան դպրոցական ուսումնական ծրագիրներէն, գիրքերը հրկիզուեցան հրապարակաւ, իսկ անոր ընտանիքի անդամները դուրս դրուեցան աշխատանքէ: Ան փաստացիօրէն տնային կալանքի տակ կը գտնուէր իր վէպի հրապարակումէն ետք: Այլիսլի բողոքած էր Ագուլիսի մէջ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման դէմ եւ հրաժարած՝ ատրպէյճանական խորհրդարանի երեսփոխանի իր լիազօրութենէն:

1997ին ան անվախօրէն հեռագիր յղեց նախագահ Ալիեւին՝ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացումը անուանելով «բարբարոսական գործողութիւն՝ գործադրուած զինուած ուժերու ներգրաւումով եւ հակահրասայլային ռումբերու կիրարկումով»:

Երկու հեղինակները զրուցած են ռուս լրագրող Շուրա Պուրթինի հետ, որ Այլիսլիի հետ հարցազրոյց ունենալէ ետք մեկնած էր Նախիջեւան եւ նշած, որ չէ տեսած «տարածքի փառահեղ անցեալի հետքերը»: Պուրթին եզրափակած էր այսպէս. «Նոյնիսկ «Իսլամական պետութիւնը» չէր կրնար նման ծանր ոճիր գործել մարդկութեան դէմ»:

Հեղինակները կը յայտնեն, որ 2018ին, իր վաւերագրական «Հրաժեշտ» գրութեան մէջ Այլիսլի կը պնդէ, որ «քանդուած եկեղեցիներէն մէկուն տեղ հինգ տարի առաջ կառուցուած մզկիթը տեղացիներուն կողմէ պոյքոթի ենթարկուած է, որովհետեւ «Այլիսի մէջ բոլորը գիտեն, որ եկեղեցւոյ տեղ կառուցուած մզկիթին մէջ հնչած աղօթքները չեն հասնիր Ալլահի ականջին»:

Նախիջեւանի բնակիչ Արգամ Այվազեան տասնամեակներ շարունակ լուսանկարած է տեղւոյն հայկական յուշարձանները՝ մինչեւ անոնց ոչնչացումը։ Մաղաքեան եւ Փիքմըն իրենց գրութեան մէջ Այվազեանը կը մէջբերեն՝ իբրեւ աշխարհի լռութիւնը դատապարտող մը՝ ըսելով. «Նախիջեւանի հայկական անցեալի ոչնչացումը նաւթով հարուստ Ատրպէյճանի կողմէ, վերջինս կը մատնէ աւելի վատ դրութեան՝ քան «Իսլամական պետութիւնը», սակայն ԵՈՒՆԵՍՔՕն եւ Արեւմտեան երկիրներու մեծ մասը չտեսնել կը ձեւացնեն այս իրողութիւնը»:

«Իսլամական պետութեան» կողմէ քանդուած կառոյցները, ինչպէս՝ Փալմիրան, կարելի է վերականգնել, կը յայտնէ Այվազեան, սակայն «այն, ինչը մնացած է Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներէն եւ խաչքարերէն, որոնք գոյատեւած էին երկրաշարժներէ, խալիֆներէ, Թամեռլանէն եւ Սթալինէն ետք՝ իմ լուսանկարներն են»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/338779/Ատրպէյճանի-Կողմէ-Հայկական-Յուշարձան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail