01 ՄԱՐՏ 2019 –
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի տեսուչ Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, 22 Փետրուարի երեկոյեան, վարժարանին վրայ յարձակման նոր փորձ մը կատարուած է:
Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 6ի մօտերը, խումբ մը երիտասարդներ դարձեալ ապօրինի ճամբով մտած են վարժարանին կալուածը: Մինչ անոնք կը փորձէին փակ դռներ եւ պատուհաններ բանալ, Սեւրի ոստիկանութիւնը՝ վարդապետին ահազանգին վրայ, ատենին հասած եւ ձերբակալած է մօտաւորապէս 10 հոգի, գրաւելով անոնց անձնաթուղթերը:
Յիշեցնենք, որ 2 Յունուարին եւս նման յարձակում մը տեղի ունեցած էր եւ յանցագործները վարժարանի երեք մասնաշէնքերու պատուհաններուն եւ դռներուն վնասներ հասցուցած էին մետաղեայ ձողերով եւ քարերով։ Այդ միջադէպէն ետք կարելի եղած էր ձերբակալել չորս կասկածելիներ:
asbarez.com/arm/338792/Դարձեալ-Յարձակում-Ֆրանսայի-Սամուէլ-Մ/