20 հոկտեմբեր 2015
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Մոսկուայի մէջ Հոկտեմբեր 20-ին հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը, երկու նախագահները քննարկած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակութեան վերաբերեալ հարցեր:
Սուրիոյ նախագահ Ասատ Վլատիմիր Փութինին ներկայացուցած է երկրի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակի ծրագիրները եւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքը: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ռազմական օգնութեան համար:
Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փէսքով նշած է, որ աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող Սուրիոյ նախագահը երկարատեւ բանակցութիւններ վարած է Վլատիմիր Փութինի հետ: Բանակցութիւնները ընթացած են նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով, մասնակցած են Ռուսիոյ ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Ռուսիան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խնդրանքով Սեպտեմբեր 30-ին սկսած է հարուածել «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դիրքերը: Ահաբեկիչներու դէմ ռազմական գործողութիւններուն մէջ ներառուած են աւելի քան 50 օդանաւեր ու ուղղաթիռներ: Բացի այդ, ահաբեկիչներու դիրքերը հրթիռակոծուած են նաեւ ծովէն:
http://www.yerakouyn.com