«Մենք Ոչ Մէկ Թիզ Հող Յանձնելու Նպատակ Ունինք»․ ԱԱԾ Տնօրէն

01 ՄԱՐՏ 2019 –

Մեր հողերուն վրայ պէտք է բնակին մեր հայրենակիցները եւ շէնցնեն մեր երկիրը, Արցախ կատարած այցի ընթացքին յայտարարած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան:

«Այն ծրագիրը, որ կ՛անուանենք վերաբնակեցման ծրագիր, իմ եւ մեր բոլորին առարկայական գնահատականով մեր երկրի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը պիտի ըլլայ: Որովհետեւ այն խօսքերը, այն արտայայտութիւնները եւ այն մարդիկ, որոնք միշտ կը շահարկեն այս հարցը, թէ հողերը ետ պիտի տան, պիտի բանակցինե, պիտի զիջին եւայլն, այդ ծրագրի արդիւնքով մենք յստակ ուղերձ պիտի տանք ողջ հայ ժողովուրդին եւ ողջ աշխարհին, որ մենք ոչ մէկ թիզ հող յանձնելու նպատակ ունինք, այլ ընդհակառակը, մեր հողերուն վրայ պէտք է բնակին մեր հայրենակիցները եւ շէնցնեն մեր երկիրը»,- ըսած է Արթուր Վանեցեան:

Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հետ միասին այցելած է արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի հարաւային հատուածը, տեղւոյ վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

yerakouyn.com/2019/03/01/մենք-ոչ-մէկ-թիզ-հող-յանձնելու-նպատակ-չ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail