Ողջոյն Աւետիս Արզումանի վաստակին

Լուսանկար՝ Մկրտիչ Արծիւեան

27.02.2019 – ԱՌՕՐԵԱՅ:

Սամաթիա թաղը խոր սու­­­գի մատ­­­նուած է կորսնցնե­­­լով իր հա­­­րազատ թա­­­ղեցի­­­ներէն Աւե­­­տիս Ար­­­զումա­­­նը։ Ար­­­զուման ափ­­­սոս որ չէ կրցած յաղ­­­թա­­­­­­­հարել անո­­­ղոք հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը եւ ճիշդ ալ այն հանգրո­­­ւանին, երբ շա­­­տեր կը հա­­­մոզո­­­ւէին թէ հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը նա­­­հան­­­ջած է, յան­­­կարծա­­­կիօրէն խլած է այս շատ սի­­­րուած գոր­­­ծի­­­­­­­չի կեան­­­քը։

Սա­­­մաթիա քա­­­ղաքի այն բա­­­ցառիկ թա­­­ղերէն է, ուր թա­­­ղեցի­­­ներ սեր­­­տօ­­­­­­­րէն կա­­­պուած կը մնան թա­­­ղի եկե­­­ղեց­­­ւոյ, անոր կող­­­քին գոր­­­ծող դպրո­­­ցին եւ առ­­­հա­­­­­­­սարակ իրա­­­րու։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Աւե­­­տիս Ար­­­զուման հա­­­ւատա­­­րիմ սանն էր իր ու­­­սա­­­­­­­նած Սա­­­հակեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի, նոյ­­­նա­­­­­­­նուն դպրաց դա­­­սի եւ Սա­­­մաթիոյ հետ սահ­­­մա­­­­­­­նուած ամէն ին­­­չի։

Կի­­­սատ թո­­­ղած ու­­­սումը ամ­­­բողջա­­­ցուց ին­­­քուսու­­­թեան մի­­­ջոցով։ Վա­­­րեց Անա­­­րատ Յղու­­­թիւն վար­­­ժա­­­­­­­րանի հիմ­­­նադրի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը։ Աշա­­­կեր­­­տութեան հա­­­մար ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի դար­­­ձաւ իր դա­­­սաւան­­­դած ման­­­տօ­­­­­­­լինի ու­­­սուցմամբ։

Աւե­­­տիս Ար­­­զուման կը գնա­­­հատէր հայ գրչի մշակ­­­նե­­­­­­­րը, սի­­­րով կ՚օժան­­­դա­­­­­­­կէր անոնց աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւննե­­­րուն։ Մեր յի­­­շողու­­­թեան մէջ կը մնայ անոր Սուրբ Փրկիչ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի եր­­­դի­­­­­­­քին տակ թեր­­­թիս նախ­­­կին աշ­­­խա­­­­­­­տակից Վա­­­րու­­­ժան Քէօսէեանի նկատ­­­մամբ ցու­­­ցա­­­­­­­բերած գուրգու­­­րանքը։

Իր ազ­­­նիւ վաս­­­տա­­­­­­­կի բնա­­­կան դրսե­­­ւորումն էր, որ կը ցո­­­լանար Սուրբ Գէորգ եկե­­­ղեց­­­ւոյ ջրջա­­­փակին մէջ զինք յու­­­ղարկա­­­ւորե­­­լու եկած բազ­­­մա­­­­­­­թիւ սգա­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րու պար­­­զած պատ­­­կե­­­­­­­րով։

Մենք ալ այս ցա­­­ւալի կո­­­րուստին առ­­­թիւ կը յայտնենք մեր յու­­­զումը, ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գե­­­­­­­լով Հռիփ­­­սի­­­­­­­մէ Ար­­­զուման Մէյ­­­տա­­­­­­­նի սրտցաւ գրու­­­թեամբ։

«Այ­­­սօր բո­­­լոր զգա­­­ցումներս ան­­­գամ մը եւս տակն ու վրայ եղաւ։ Երի­­­տասարդ եւ սրտա­­­կից կո­­­րուստ մը ապ­­­րե­­­­­­­ցանք։

Ամէն խնդրանքս «Ան­­­շուշտ օրիորդ երբ որ ու­­­զես պատ­­­րաստ եմ» ըսե­­­լով դի­­­մաւո­­­րող ձայ­­­նը ալ չկայ։

Այո Աւե­­­տիս Ար­­­զումանն է ան։ Եղ­­­բայր

Սա­­­մաթիան առանց քե­­­զի աւե­­­լի պար­­­պո­­­­­­­ւեցաւ։ Պու­­­րունքըշ­­­լա­­­­­­­ցինե­­­րը իրենց զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րէն մին կորսնցնե­­­լու ցա­­­ւով կը ցնցո­­­ւին։ Սա­­­հակեան­­­ցին իսկ Տի­­­րոջ քով ու պատ­­­մութեան էջե­­­րուն մէջ իր աշա­­­կեր­­­տե­­­­­­­րէն մին ճամ­­­բեց։

Մեզ­­­մէ բա­­­րեւ տար եղ­­­բայր բո­­­լոր այն հա­­­յերուն, որոնք մեծ փա­­­փաքով կը խու­­­զարկէիր անոնց կեան­­­քը եւ անոնցմէ դա­­­սեր կը հա­­­նէիր։Գիր­­­քերդ առանց քե­­­զի որբ մնա­­­ցին։

Մեր բա­­­րեւ­­­նե­­­­­­­րը տար բո­­­լոր հոն գտնո­­­ւող Սա­­­մաթիացի­­­ներուն, որոնց մա­­­սին լու­­­րե­­­­­­­րը դուն կու տա­­­յիր։ Էջդ ալ ան­­­ձայն է։

Բո­­­լոր աշա­­­կերտներդ քեզ դա­­­սի կը սպա­­­սեն բայց դուն Եդե­­­մի պար­­­տէ­­­­­­­զը նո­­­ւագե­­­լը ընտրե­­­ցիր ինչ ըսեմ։

Ս. Յա­­­րու­­­թիւն տա­­­ճարէն կար­­­դա­­­­­­­ցած աղօթքներդ քեզ դի­­­մաւո­­­րէ ու Տի­­­րոջ աս­­­պետնե­­­րու կար­­­գին դա­­­սաւո­­­րէ։ Գիտ­­­ցիր որ երգչա­­­խումբի ըն­­­կերներդ քեզ շատ պի­­­տի կա­­­րօտ­­­նան։

Ցտե­­­սու­­­թիւն

Բո­­­լոր Ծննդեան օրե­­­րը անունդ պի­­­տի տօ­­­նենք, բո­­­լոր հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին լե­­­զուի օրե­­­րը քեզ պի­­­տի ոգե­­­կոչենք եր­­­թաս բա­­­րով։ Ցտե­­­սու­­­թիւն։»

agos.com.tr/am/hvotvadzi/22105/voghchvohn-awyedis-arzumani-vasdagin

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail