21 հոկտեմբեր 2015
«Փերինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) մեծ պալատը` դատաւորներու 10 կողմ, 7 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, հաստատեց թուրք քաղաքական գործիչին խօսքի ազատութեան իրաւունքը` գտնելով, որ Զուիցերիոյ դատարանները զինք սխալ դատապարտած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար:
Մեզի համար աւելի կարեւոր է, որ Մեծ պալատը հակադրուեցաւ Ստորին պալատի 2013 թ. Դեկտեմբեր 17-ի անհիմն որոշման, որ կասկածի տակ առած էր Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերականութեան փաստը: 2015 թ. Հոկտեմբեր 15-ին ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը ուղղեց այդ իրաւասութեան հարցը, որոշում կայացնելով, որ այս գործով դատարանի խնդիրը չէ որոշելու «արդեօք Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած զանգուածային կոտորածներն ու տեղահանումները կրնան որակուիլ ցեղասպանութիւն` միջազգային իրաւունքի մէջ այդ հասկացութեան տրուած բովանդակութեան տեսանկիւնէն, որ որեւէ իրաւասութիւն չունի իրաւական յայտարարութիւններ ընելու այս հարցին վերաբերեալ` անկախ այն անկէ, թէ որ տեսանկիւնէն կը կատարուի ատիկա»: Այս էր տասը դատաւորներուն կայացուցած վճիռը, որոնք քուէարկած էին յօգուտ Փէրինչէքի:
Մնացեալ եօթը դատաւորները ոչ միայն չհամաձայնեցան մեծամասնութեան կայացուցած որոշման` ի նպաստ Փէրինչէքի, այլեւ վերահաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը. «Այն, որ հայ ժողովուրդի կոտորածները եւ տեղահանութիւնները կը համարուին ցեղասպանութիւն, կասկածէ վեր է…. Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ամրագրուած պատմական փաստ է: Ժխտել զայն, կը նշանակէ ժխտել ակնյայտը: Բայց ասիկա չի վիճարկուիր այստեղ: Այս գործը պատմական ճշմարտութեան կամ 1915 թուականի իրադարձութիւններու իրաւական գնահատական տալու մասին չէ: Իրական խնդիրը այս գործին մէջ այն է, թէ արդեօք պետութիւնը, առանց խախտելու իր հայեցողութեան շրջանակը, կրնայ քրէական յանցագործութիւն համարել ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի յիշողութիւնը վիրաւորելը: Մեր կարծիքով, ասիկա իրօք հնարաւոր է», գրած են եօթը դատաւորները իրենց տարակարծութիւնը արտայայտող համատեղ կարծիքին մէջ:
Այնուամենայնիւ, Մեծ պալատը յանգեցաւ որոշ անհիմն եզրակացութիւններու, որոնք անտրամաբանական են եւ առողջ դատողութեան մէջ չեն տեղաւորուիր: Դատաւորներու մեծ մասը ներկայացուց այն անմիաստ փաստարկը, թէ քանի որ Փէրինչէքի յայտարարութեան եւ 1915 թ. «ողբերգական դէպքեր»-ուն միջեւ անցած է 90 տարի, ուստի Զուիցերիան կարիք չունէր կարգաւորելու անոր ելոյթը: Կ՝ենթադրուի, որ վաղեմութեան պատճառով Փէրինչէքի ժխտողականութիւնը հայերուն համար դարձած էր նուազ տագնապալից: Ինչպէս մատնանշած են տարակարծիք եօթը դատաւորները, մեծամասնութեան դիրքորոշումը կը խախտէ «այն սկզբունքը, որ վաղեմութեան ժամկէտ չի կիրառուիր պատերազմի յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու նկատմամբ»:
Դատաւորներու մեծամասնութիւնը նաեւ ներկայացուց կասկածելի փաստարկ մը, որպէսզի արդարացնէ, թէ ինչու Հոլոքոսթի ժխտումը յանցանք է, եւ ոչ թէ ազատ արտայայտուելու իրաւունքի խախտում: Անոնք կը կարծեն, որ Հոլոքոսթի ժխտումը «հակաժողովրդավարական գաղափարախօսութիւն» եւ «հակասեմիթիզմ» է, մինչդեռ կը պնդեն, որ Փէրինչէքի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը` «հայերու եւ թուրքերու միջեւ լուրջ բախումներ»-ու չէ յանգեցուցած Զուիցերիոյ մէջ: Բացի այդ, պնդած են, որ ուղիղ կապ կայ Հոլոքոսթի ժխտման եւ շատ եւրոպական «պետութիւններու միջեւ, որոնք իրենց վրայ զգացած են նացիստական սարսափները», սակայն համանման կապ չեն գտած Զուիցերիոյ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ:
Դատաւորներու նախորդ փաստարկներուն մէջ առկայ են քանի մը խնդիրներ.
– Որեւէ ցեղասպանութեան հերքման գործին մէջ պէտք չէ երկակի չափանիշ ըլլայ: Եթէ Հոլոքոսթի ժխտումը յանցագործութիւն է, ուստի այդպէս պէտք է համարուի նաեւ միւս ցեղասպանութիւններու ժխտման պարագային: Արտօնեալ վերաբերմունքը որոշ ցեղասպանութիւններու զոհերու, սակայն ոչ բոլորի հանդէպ, ամօթալի խայտառակութիւն է: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուող թերթի խմբագիր, ես բնականաբար խօսքի ազատութեան խիստ պաշտպանուածութեան ամերիկեան մօտեցման ջատագովն եմ, քան աւելի սահմանափակող եւրոպական սկզբունքին: Սակայն, անկախ անկէ, թէ որ իրաւական համակարգին կը հետեւինք` ցեղասպանութեան զոհերու միջեւ խտրականութիւնը անընդունելի է:
– Դատաւորներու մեծամասնութիւնը բազմիցս նշած են, թէ քանի որ Փէրինչէքի ժխտումը չէ յանգեցուցած հասարակական անկարգութիւններու հայկական համայնքի կողմէն, ուստի զուիցերիական դատարանները պէտք չէ դատապարտէին զինք: Սարսափելի է, որ նման վտանգաւոր յայտարարութիւն ընելով, Մեծ պալատը, ըստ էութեան, կը հրահրէ հայերը դիմելու բռնութեան, բաւարարելու համար դատարանին պահանջքը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կրնայ քրէականացուիլ միայն այն պարագային, եթէ անոր յաջորդեն որոշ բռնարարքներ: Քանի որ Զուիցերիոյ հայերը գործած են քաղաքակիրթ ձեւով, ոստիկանութիւն դիմելով եւ հայց ներկայացնելով` Փէրինչէքի նկատմամբ ֆիզիքական ուժ կիրառելու փոխարէն, այժմ անոնց կ՝ըսեն, որ իրենց օրինական պահանջը անվաւեր է, քանի որ հասարակական կարգը չեն խախտած…
– Պատմական սխալ է պնդել, որ Զուիցերիոյ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ կապ գոյութիւն չունի: 1890 թ. աւելի քան 400 հազար զուիցերիացիներ միջնորդագիր ստորագրած էին համիտեան ջարդերուն դէմ բողոքելու համար: Զուիցերիացի միսիոներները անթիւ հայ որբեր փրկած են Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ անոնց ապաստան տուած Զուիցերիոյ մէջ:
Բարեբախտաբար, Մեծ պալատը չպահանջեց, որ Զուիցերիան փոխէ ցեղասպանութեան ժխտման մասին իր օրէնքները, նկատի ունենալով, որ այս օրէնքը պարզապէս սխալ կիրառուած է Փէրինչէքի պարագային: Հետեւաբար, Յունաստանը, Կիպրոսը եւ Սլովաքիան կարիք չունին փոխելու Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման քրէականացման մասին իրենց օրէնքները:
Ուրախալի է նաեւ, որ դատարանը մերժեց Փէրինչէքի` 135 հազար եւրոյի վնասի եւ դատական ծախսերու փոխհատուցման պահանջքը:
Պէտք է բարձր գնահատել միջազգային փաստաբաններ Ճեֆրի Ռոպըրթսընի եւ Ամալ Քլունիի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի բացառիկ ջանքերը դատարանին մէջ Հայաստանը ներկայացնելիս եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը պաշտպանելու գծով:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
http://www.yerakouyn.com/?p=91695